Խարբերդի հայկական եկեղեցին պանդոկի պիտի վերածուի

Ermeni-Protestan-Kilisesi-300x168ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պատմական Խարբերդ քաղաքին (ներկայ Թուրքիոյ Էլազըղ քաղաք) մէջ գտնուող կիսաւեր հայկական աւետարանական եկեղեցին, որ այժմ կ՛օգտագործուի որպէս ինքնաշարժներու կանգառ, մօտ օրէն ամբողջութեամբ պիտի քանդուի, եւ տեղը պանդոկ պիտի կառուցուի:

Կանգառի սեփականատէր Ճոշքուն Տուրան արդէն իսկ կրցած է պանդոկ կառուցելու արտօնութիւն ստանալ թրքական իշխանութիւններէն:

Հայկական այդ եկեղեցին 1973ին ասորական եկեղեցւոյ անուան տակ արձանագրուած էր Տիգրանակերտի մշակոյթի եւ ժառանգութեան պահպանութեան ցուցակին մէջ:

19րդ դարավերջին կառուցուած եկեղեցին հանրապետական Թուրքիոյ ժամանակաշրջանին օգտագործուած է որպէս ալիւրի գործարան: Որոշ ժամանակ եկեղեցւոյ տարածքին վրայ կազմակերպուած են շաբաթական տօնավաճառներ, ինչպէս նաեւ օգտագործուած է որպէս ոչխարներու ախոռ:

2007ին կատարուած պաշտօնական յայտարարութեան մը համաձայն՝ եկեղեցին պիտի վերածուէր հիւանդանոցի՝ առանց ճարտարապետական տեսքի աղաւաղման:

Քաղաքին կեդրոնը գտնուելուն պատճառով, եկեղեցին դարձած էր ամէնէն շատ պահանջուած կալուածներէն մէկը:

Միւս կողմէ, Սասուն գաւառին մէջ գտնուող Գոմքի հայկական եկեղեցիի վերականգնման ուղղութեամբ աշխատանքներ սկսած են, յայտարարած է Սասունի հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը: Ան նշած է, որ եկեղեցիին վերականգնումը պիտի նպաստէ գաւառին մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման:

Թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքին համաձայն՝ Տաղճը աւելցուցած է. «Այժմ Գոմքի եկեղեցիի վերականգնման ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին: Եթէ եկեղեցին վերականգնի, Ամերիկայէն, Եւրոպայէն հազարաւոր մարդիկ պիտի գան: Եթէ այսպէս շարունակենք, Փարիզին ալ կը գերազանցենք: Շահողները սասունցիները պիտի ըլլան»:

Asbarez.com/arm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2015
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ