Թուրքիոյ մէջ այլ Այա Սոֆիա տաճար մը պիտի վերածուի մզկիթի

AyasofyaՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Իզնիքի եւ Տրապիզոնի մէջ իբրեւ թանգարան օգտագործուող Այա Սոֆիա տաճարները յաջորդաբար 2011ին ու 2012ին մզկիթի վերածուած են, իսկ այժմ կարգը հասած է Էտիրնէի մէջ գտնուող նոյնանուն տաճարին:

Թուրքիոյ եւ Յունաստանի սահմանին վրայ գտնուող Էտիրնէի Էնեզ շրջանի խորհրդանիշը նկատուող Այա Սոֆիան 2007ին սկսած էր վերակառուցուելու: Բիւզանդացիներու հոգեւոր կառոյցներու շարքին կարեւոր տեղ գրաւող, 12րդ դարուն կառուցուած Այա Սոֆիան կը գտնուի Էնեզի բերդի հարաւարեւելեան մասի բարձրագոյն կէտին վրայ: Անիկա 1456ին անցած էր Օսմանեան կայսրութեան վերահսկողութեան տակ եւ մզկիթի վերածուած: Այդ ընթացքին վնասուած էր անոր գմբէթը, իսկ 1965ի երկրաշարժէն վնաս կրելէ ետք անխնամ մնացած էր, իսկ մասամբ վերակառուցուելէ ետք՝ վերածուած էր թանգարանի:

http://horizonweekly.ca/news/details/66802

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2015
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ