Թուրք քաղաքապետը կ՛ընդդիմանայ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձին

Մուսա ԷօզթիւրքԿիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ` Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող դատական հայցին մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ատանայի Քոզան շրջանի (Սիս) քաղաքապետ Մուսա Էօզթիւրք:

Ըստ «Հապերլեր»-ի` ան նշած է, որ խնդրոյ առարկայ վանքը կը պատկանի Քոզանի քաղաքապետարանին եւ աւելցուցած. «Ոչ ոքի տալիք տարածք ունինք»:

Ըստ անոր, Լոզանի համաձայնագիրին մէջ նշուած է, որ «Ոչ իսլամները պէտք է վեց ամսուան ընթացքին գային եւ իրենց ունեցուածքին տէր կանգնէին: Այդ օրէն ի վեր, այն բոլոր կալուածները, որոնք անտէր մնացած են, անցած են գանձարանին, իսկ այնտեղէն ալ` մեզի: Ընկերները թող իրենց անցեալին լաւ նային: Այդպէս գալով, վանք-մանք պահանջելով չ՛ըլլար: Կը ներէք, բայց անոնց տալիք ոչ մէկ տարածք ունինք: Մենք ալ հոս կ՛ապրինք»:

http://www.aztagdaily.com/archives/238627

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2015
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ