Ցեղասպանութեան հարցով Անգարայի վարքը խոչընդոտ է Եւրոմիութեան անդամակցելու ջանքերուն. Հան

ՀանՎԻԵՆՆԱ, «Ռոյթըրզ».- Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւրոպական երկիրներու վրայ Թուրքիոյ յարձակումները աւելիով պիտի բարդացնեն Եւրոմիութեան անդամակցելու Անգարայի ջանքները, Ապրիլ 30ին յայտնած է Եւրոմիութեան ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Եոհանս Հան: Աւստրիացի յանձնակատարը ըսած է, թէ նոյնիսկ եթէ այս կոշտ հակադարձութեան մէկ մասին պատճառը Յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններն են, անոնք կրնան ապագային բացասական հետեւանքներ ունենալ:

«Այս դիրքորոշումը կրնայ ժողովրդականութիւն վայելել Թուրքիոյ որոշ շրջաններու բնակչութեան մօտ, սակայն անհանգստացած եմ անոր հետեւանքներով: Կը սերմանուին հակաեւրոպական եւ հակաարեւմտեան դիրքորոշման սերմեր, որոնք Եւրոմիութեան անդամակցիլը կը բարդացնեն», յայտարարած է յանձնակատարը:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիա սուր քննադատութեան ենթարկած է Հռոմի պապը, Եւրոխորհրդարանը, Աւստրիան եւ Գերմանիան՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը օգտագործելնուն գծով։

http://www.horizonweekly.ca/news/details/66766

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2015
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ