Պելճիքայի խորհրդարանին ներկայացուած է Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացող նախագիծ

Պելճիքայի ԽորհրդարանԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պելճիքայի դաշնակցային խորհրդարանի Ժողովրդավար դաշնակցային ֆրանսախօսներ խմբակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար պատիժ նախատեսող օրինագիծի նախագիծ ներկայացուցած է:
«La Libre» թերթը նշած է, թէ ներկայացուածը կ՛առնչուի 1995ին վաւերացուած ցեղասպանութիւններու հերքումը քրէականացնող օրէնքի ընդարձակման, որուն շնորհիւ օրէնքը պիտի տարածուի նաեւ հայերու եւ Ռուանտացիներու նկատմամբ իրականացուած, ինչպէս նաեւ դատական կարգով միջազգայնօրէն ճանչցուած այլ ցեղասպանութիւններու վրայ:
Նշենք, որ Պելճիքայի Ծերակոյտը 1998ին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կոչ ըրած է Թուրքիոյ՝ ընդունելու իր անցեալը։

http://asbarez.com/arm/222831/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2015
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ