Էրտողանի գլխաւորած նիստը քննարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը

ՆիստԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Ապրիլ 29ին տեղի ունեցած ազգային ապահովութեան խորհուրդի նիստին քննարկուած է այլախոհ կրօնական Ապտուլլահ Կիւլենի «ընդյատակեայ պետութեան» եւ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող հարցերը: Ըստ T24ի՝ 7 ժամ տեւած նիստին ընթացքին Կիւլենի գլխաւորած շարժումը պաշտօնապէս յայտարարուած է երկիրի թշնամի եւ մտած է ազգային ապահովութեան «գաղտնի» փաստաթուղթ նկատուող «Կարմիր գրքի» մէջ:

Քննարկուած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, որուն ընթացքին երկրի քաղաքական եւ զինուիրական վերնախաւը ի մի բերող խորհուրդի անդամները յայտնած են, թէ տարբեր երկիրներու կողմէ վաւերացուած Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ որոշումները «քաղաքական են եւ կապ չունին պատմութեան հետ» ու Թուրքիա պիտի անտեսէ զանոնք:

http://asbarez.com/arm/222663/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2015
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ