Մարտինի եկեղեցւոյ մէջ աղօթք՝ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Mardin'in Derik İlçesi'nde Ermeni Surp Kevork Kilisesi'ՊՈԼԻՍ.- Ներկայ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Մարտին նահանգի Տերիք շրջանի հայկական Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, Ապրիլ 24ին յարգած են Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը:

Քրտական «Տիճլէհապեր» կայքին համաձայն՝ Տերիքի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղւոյն 2 հայ ընտանիքներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակման արարողութիւն, որուն ընթացքին ներկաները աղօթած ու մոմ վառած են:

Տերիքի հայ բնակիչներէն Զեքերիա Սապունճու պատմած է, որ 13 տարեկանին Ցեղասպանութենէն ձեւով մը փրկուած մեծ մայրը պատմած է, թէ ինչ դաժանութեամբ իրականացած են հայերու կոտորածները: Ան պատմած է, որ Տերիքի հայերը Թուրճել լեռ տարած եւ այնտեղէն վար նետած են:

http://asbarez.com/arm/222417/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ