Արաբ աստուածաբան. «Աթաթուրքը իշխանութեան եկաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով»

Շէյխ Մահիր ՀամմուտԼիբանանցի սուննի աստուածաբան Շէյխ Մահիր Համմուտը ուրբաթօրեայ աղօթքի ժամանակ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին: Ըստ Ermenihaber.am-ի, որ կը վկակայոչէ թրքական «İslamianaliz.com» լրատուամիջոցը` Համմուտը նշած է, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք չէ կապել իսլամութեան հետ, քանի որ այդ տարիներուն անկման մէջ գտնուող Օսմանեան կայսրութեան մէջ ազդեցիկ էին զանազան արտաքին ուժերը:

«Երբ Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսուի, նախ եւ առաջ պէտք է ընդգծել, որ անոր պատասխանատուն իսլամը չէ»:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքին` սուննի աստուածաբանը նշած է, որ Քեմալը իշխանութեան եկաւ նոյնինքն Հայոց ցեղասպանութեան արդիւնքով: Համմուիտը Աթաթուրքը մեղադրած է իշխանութեան գալէ ետք Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող իսլամական արժէքները ոչնչացնելուն մէջ:

«Իշխանութեան գալէն 10 տարի անց Քեմալը ձեռնամուխ եղաւ արաբատառ օսմաներէն գիրերը շրջանառաութենէ հանելուն, փոխարէնը ներմուծեց լատինատառ այբուբենը: Այնուհետեւ ձեռնամուխ եղաւ իսլամութեան առնչուող բազմաթիւ վարքերու վերցման»:

Արաբ աստուածաբանը, նշելով, որ պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին թէեւ հայերը անցած էին Ռուսիոյ կողմը, բայց շեշտած է, որ այդ մէկը որեւէ կերպով չ՛արդարացներ երիտթուրք պարագլուխներու իրականացուցած ոճրագործութիւնը:

http://www.yerakouyn.com/?p=79917

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ