Թուրքիոյ մէջ կը պատրաստուին դատ բանալ Հայաստանի դէմ

AW395583Իզմիր-Էզրում մշակոյթի եւ համերաշխութեան հիմնադրամը որոշեց դատ բանալ Հայաստանի դէմ՝ Թուրքիան ցեղասպանութեամբ մեղադրելու համար եւ դատական գործընթացով ցոյց տալու որ 1915-ին «իրականութեան մէջ հայերն է որ կոտորած են թուրքերը»։

«Իհլաս» լրատուական գործակալութեան փոխանցումով, հիմնադրամի տնօրէն Ճոշքուն Ըշըք յայտարարեց որ իրենց նպատակն է դատական գործընթացով պարզել թէ իրականութեան մէջ ովքե՞ր են իսկական ջարդարարները, եւ ովքե՞ր են զոհերը։ Ան ըսաւ որ հարիւր տարիներու ընթացքին այս թէմայի շուրջ իրաւական որեւէ գործընթաց չէ կատարուած, եւ իրենք կը փափաքին մեկնակէտը դնել։ Ըշըք ըսաւ որ իրենք Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Անգլիայէն ու Ամերիկայէն պիտի պահանջեն բանալ այդ թէմայի հետ առնչակից արխիւային նիւթերը։

«Մենք Ամերիկայէն պիտի պահանջենք փաստաթուղթեր տրամադրել Դաշնակցութիւն եւ Հնչակեան կուսակցութիւններու արխիւներէն։ Պիտի պահանջենք ներկայացնել նաեւ այդ տարիներու մասին Ամերիկայի դեսպաններու եւ հիւպատոսներու զեկուցումները», ըսաւ Ճոշքուն Ըշըք։

Ան չնշեց սակայն թէ յստակ կերպով ո՛ր դատական ատեանի մօտ դատ պիտի բանան «ցեղասպանութեան» հարցի մասին։ Ըշըք ընդգրկեց որ դատական գործընթացը մօտ է, կը նախատեսեն դատը բանալ մայիս ամսուն, եւ արդէն իսկ 160 իրաւագէտներ կ՚աշխատին այս գործի համար։
http://horizonweekly.ca/news/details/66566

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ