Պուլկարիա Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

ՊուլկարիաՊուլկարիոյ խորհրդարանը 157 թեր եւ 36 դէմ քուէներով որդեգրեց բանաձեւ մը` նշելով, որ Պուլկարիան «կը ճանչնայ 1915-1922 տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին ենթարկուած ցեղասպանութիւնը», ինչպէս նաեւ Ապրիլ 24-ը նշանակեց հայերու «զոհերու յիշատակի յարգման օր»:
Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքու Փորիսով խորհրդարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Պէտք է ճանչնալ ցեղասպանութիւնը», որուն ենթարկուեցան հայերը` յոյս յայտնելով, որ «թրքական պետութիւնը նկատի ունենայ օսմանեան իշխանութեան եւ արդի Թուրքիոյ միջեւ մեր կատարած տարբերակումը»:
«Պատմութիւնը պատմութիւն է եւ զոհերը` զոհեր, իսկ այդ օրը (Ապրիլ 24-ին) պէտք է յարգուի անոնց յիշատակը», ըսաւ Պորիսով:
http://horizonweekly.ca/news/details/66462

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ