Վատիկանը չեղեալ յայտարարած է Կալիպոլիի 100ամեակին մասնակցելու որոշումը

ՎատիկանԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հռոմի պապին դէմ թրքական իշխանութիւններու քննադատութիւններէն ետք, Վատիկան յայտարարած է, որ պիտի չմասնակցի Կալիփոլիի 100ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն:

Թրքական «Տունիա» լրատուական կայքին համաձայն՝ Անգարայի մէջ Վատիկանի դեսպանատունը տեղեկացուցած է, որ Կալիփոլիի միջոցառումներուն Վատիկանը պիտի չմասնակցի, քանի որ Վատիկանի արդարադատութեան եւ խաղաղութեան խորհուրդի առաջնորդը, որ պէտք է այցելէր Թուրքիա, հիւանդ է:

Նշենք, որ Ապրիլ 12ին Վատիկանի մէջ կայացած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած պատարագին ընթացքին արտասանուած Ֆրանսիս պապի ելոյթէն ետք, թրքական իշխանութիւնները խիստ հակադարձութիւն ցոյց տուին եւ տուն կանչեցին Վատիկանի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը:

http://www.horizonweekly.ca/news/details/66230

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ