Երեւանի մէջ երէկ սկսած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի գլխաւոր ձեռնարկներէն մէկը` «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» խորհրդաժողովը, մասնակցութեամբ շուրջ 5 տասնեակ երկիրներէ եկած աւելի քան 600 պատուիրակներու: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան իր բացման խօսքին մէջ նշած է, որ Ցեղասպանութեան ժխտումը կրնայ ազգային ատելութեան նոր ալիք բարձրացնել: Սերժ Սարգսեան անուղղակի դիմելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ըսած է. «Ժխտողականութիւնը ցեղասպան միջավայրի սերմանման եւ բուն այդ սպանդի իրականացման հետ նոյն եռանկիւնի գագաթներէն է: Ցեղասպանութեան ժխտումը նաեւ ազգային ատելութեան նոր ալիքի բարձրացման տարրեր կը պարունակէ, յաճախ կ՛ուղեկցուի անհանդուրժողականութեամբ եւ իրականացուած ցեղասպանութիւններու արդարացումով: Իսկ միջազգային ուժեղացող ճնշման պարագային, ժխտողականութիւնը ձեռք կը բերէ աւելի փափուկ, բայց նոյնքան վտանգաւոր երանգներ կամ կը տարրալուծուի պատմութեան վերաշարադրման արշաւներուն մէջ»:
Միաժամանակ Սերժ Սարգսեան շեշտած է, որ միջազգային հանրութեան հետեւողականութիւնն ու վճռականութիւնը բաւարար չէ եղած ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ դատապարտման, ինչպէս նաեւ ժխտողականութեան բացառման գործին մէջ. «Դէպի հաշտութիւն տանող ուղին ժխտողական կեցուածքը չէ, այլ գիտակցուած յիշողութիւնը»:
Եակլանտ. «Ասիկա Միայն Հայերու Կորուստը Չէր,
Աշխարհի Կորուստն Էր»
Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային հաւաքին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ հարիւր հազարաւոր հայեր դաժանաբար սպաննուեցան: «Ասիկա միայն հայերուն կորուստը չէր, աշխարհի կորուստն էր»:
«Միջազգային ընտանիքը տակաւին շատ կ՛ուշանայ, քաղաքականութիւնը կը խանգարէ կարեկցանքին: Հիմա 2015 թուականն է, եւ բոլոր պետութիւնները պատասխանատուութիւն ունին մարդոց իրաւունքներու խախտումներուն դէմ պայքարին մէջ», ըսաւ ան եւ յղում կատարեց ՄԱԿ-ի հայեցակարգին, ըստ որուն, նախ եւ առաջ կարեւոր է, որ պետութիւնները կանխարգիլեն մարդկութեան դէմ ողբերգութիւնները, իսկ միջազգային ընտանիքը պէտք է սատարէ, եւ եթէ պետութինները չեն փափաքիր կամ չեն կրնար, ապա պէտք է միջամտեն:
Ան նկատեց, որ պաշտպանելու քաղաքականութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ տարբեր եղած է. լաւ կիրարկուած է Քենիոյ մէջ, անյաջող կերպով կիրարկուած է Լիպիոյ մէջ: Ան անդրադարձաւ Սուրիոյ դէպքերուն եւ անհաւատալի նկատեց, որ այս ամէնը կը կրկնուին 21-րդ դարուն:
«Բոլորս ունինք պաշտպանելու պարտաւորութիւն: Հայաստանը մեզի կ՛օգնէ: Եւրոպական խորհուրդը շատ կարեւոր կը նկատէ ձեր դերը, յատկապէս` ցեղապաշտութեան դէմ պայքարին մէջ: Հայ ժողովուրդը կ՛ուզէ նոյնը, ինչ որ մնացեալ մարդիկ կ՛ուզեն», ըսաւ ան եւ նշեց, որ Եւրոպական խորհուրդը պատրաստակամ է սատարելու երկխօսութեան:
«Հայաստան յոյս ներշնչող պետութիւն է, ձեր տառապանքը կրցած էք վերածել ուժի, բան մը, որ այս շաբաթ ամբողջ աշխարհը կրնայ տեսնել», ըսաւ ան եւ եզրափակելով խօսքը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին ըսաւ. «Պարոն նախագահ, ձեզի հետ եմ»:
Սարգսեան – Եակլանտ Հանդիպում
Համաժողովի ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտի հետ: Սարգսեան վստահեցուցած է, որ Հայաստան պատրաստ է շարունակելու իր աջակցութիւնը Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ ձեռնարկուած Եւրոպական խորհուրդի բարեփոխումներու հոլովոյթին:
Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ այդ կապակցութեամբ կայացող ձեռնարկներուն,
ինչպէս նաեւ միջազգային այժմէական խնդիրներուն, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, շրջանի մարտահրաւէրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին: Եակլանտ ընդգծած է, որ Եւրոպական խորհուրդը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ ամբողջութեամբ կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն, համանախագահներուն գործունէութեան եւ խաղաղութեան հասնելու համար կարեւոր կը նկատէ հակամարտող կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը:
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի
http://www.aztagdaily.com/archives/237302
Leave a Reply