Սպիտակ Տան Բանբերին Յայտարարութիւնը. «ԱՄՆ-ի նախագահն ու միւս ղեկավարները որպէս պատմական ճշմարտութիւն կ՚ընունին , որ 1,5 միլիոն հայեր սպաննուեցան»
Հիմա կարգը եկաւ սպասելու, որ 24 Ապրիլի իր յայտարարութեան մէջ ԱՄՆ-ի Նախագահ Պարաք Օպամա ցեղասպանութիւն բառը պիտի գործածէ՞, թէ ոչ։ Բնաւ կասկած չկայ որ Օպամա այս տարի ալ, մանաւանդ այս տարի, այս բառը գործածել պիտի չուզէ։ Թուրքիա շատ կարեւորութիւն կուտայ Օպամայի դիրքաւորման՝ առանց նկատի առնելու, որ Օպամա ԱՄՆ-ի Նախագահ դառնալէ առաջ ընդունած էր ցեղասպանութիւնն ու հայ ժողովուրդին ապրած ողբերգութիւնը։ Թուրքիա շատ կարեւորութիւն կուտայ այս կէտին, ուստի Օպամա պիտի չուզէ Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները վիրաւորել։
Այս է կարծիքը նաեւ ԱՄՆի Սպիտակ Տան Խօսնակ Ճոն Էրնէսթի, որ, երբ լրագրողներ հարցուցին, թէ Օպամա այս տարի ցեղասպանութիւն բառը պիտի գործածէ՞, պատասխանեց, որ չի կարծեր, որ գործածէ։ Այնուհանդերձ աւելցուց, որ Պարաք Օպաման ալ, եւ անոր հետ միասին բարձրաստիճան պաշտօնավարներ, որպէս պատմական ճշմարտութիւն կ՚ընդունին, որ Օսմանեան շրջանի վերջին օրերուն մէկուկէս միլիոն հայ սպաննուեցաւ կամ մահուան ճամբայ հանուեցաւ։ Ճոն Էրնէսթ տուաւ հետեւեալ պատասխանը, որ, խուսափողական պատասխան ըլլալով հանդերձ, իր մէջ ունէր հաստատական շեշտ։
«ԱՄՆի Նախագահը եւ միւս բարձրաստիճան պաշտօնավարները որպէս ճշմարտութիւն ընդունած են այն, թէ Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն մէկուկէս միլիոն հայեր սպաննուած են կամ ճամբայ հանուած են դէպի մահուան քայլարշաւ։ Այս մահերու պատճառաւ աւելի առաջ ալ մենք մեր ցաւակցութիւնը յայտնեցինք։ Ճշմարտութիւններու ամբողջական, պարկեշտ եւ արդար կերպով ճանաչումը բոլորին համար, ներառեալ ԱՄՆ-ի, Թուրքիոյ ու Հայաստանի ի նպաստ է»։
Ապա Էրնէսթ յիշեցուց, որ ԱՄՆ-ի Նախագահը ամէն տարի 24 Ապրիլին պատգամ մը կ՚արձակէ, բայց ինք չի սպասեր, որ Օպամա այս տարուան իր պատգամին մէջ փոփոխութիւն մը կատարէ։
Այսքանը արդէն կը բաւէ, որպէսզի յայտնի դառնայ որ 24 Ապրիլի հարիւրամեակի այս օրերուն Նախագահ Օպամա տարբեր կեցուածք մը պիտի չցուցաբերէ։ Արդէն թուրք դիւանագիտութիւնը ամէն տարի ձեռնարկներ կը կատարէ Նախագահ Օպաման զգուշացնելու համար այս բառին գործածութեան դէմ։ Ինչպէս երկու օր առաջ հաղորդած էին «Հիւրրիյէթ» կամ «Րատիքալ» թերթերը, Թուրքիոյ Արտաքին Նախարար Չավուշօղլու Ամերիկա կը մեկնի՝ հոն բարձրաստիճան ղեկավարներու հետ բանակցելու համար։ Թուականը հետաքրքրական է, եւ կը պնդուի, որ Չավուշօղլուի բուն նպատակը պիտի ըլլայ ապահովել, որ Օպամա չարտասանէ այս «ցեղասպանութիւն» բառը։
Վարչապետ Տավուտօղլու Արեւմտեան աշխարհին հարցուց. «Ո՞ւր են ապօրժինները, ո՞ւր են կարմրամորթերը»
Մինչ ամբողջ աշխարհ հայկական հարցի մասին կը խօսի, Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց զայրոյթը արտայայտել զանազան երկիրներէ ներս Թուրքիոյ դէմ արձանագրուած զարգացումներու, մասնաւորաբար Եւրոխորհրդարանի կողմէ ընդունուած բանաձեւի կապակցութեամբ։ Բնականաբար չեն մոռցուած նաեւ Վատիկանի արարողութեան ընթացքին Պապին ըսածները։ Այս երկու զարգացումները իրերայաջորդ կերպով ծանր ազդեցութիւն գործեցին թուրք դիւանագիտութեան վրայ, բայց թուրք դիւանագիտութիւնը հետեւողական կերպով կանգ կ՚առնէ ինքնապաշտպանութեան նոյն պնդումներուն վրայ ու իր պաշտպանութիւնը կ՚ընէ փոխադարձ յարձակումի անցնելով։
Վարչապետ Տավուտօղլուն ալ, այսպէս, վերջին անգամ դարձեալ խոր ընդվզում արտայայտեց Եւրոխորհրդարանի որոշումին ու Պապին խօսքերուն դէմ ու Հայկական ցեղասպանութեան պնդումը ժխտեց՝ խօսելով այլ երկիրներու կողմէ գործադրուած ցեղասպանութիւններու մասին, այլ խօսքով՝ ցեղասպանութիւնը պաշտպանեց ցեղասպանութեամբ։ Վարչապետը եւրոպական երկիրներուն հարցուց, թէ հիմա ո՞ւր են ապօրժինները, ո՞ւր են կարմրամորթերը։ Ան քննադատեց նաեւ Պապը՝ ըսելով, որ Պապը կրօնական հաստատութեան գլուխն է ու կղերականներուն պարտականութիւնն է հաշտութեան նպաստել, ոչ թէ քաղաքական գրգռութիւններ ընել։ «Այն ատեն մենք ալ Կաթոլիկ աշխարհի թղթածրարները կը բանանք եւ կը պատմենք թէ ինչպէս մեր երկիրը ապաստանեցան բոլոր անոնք, որոնք խոյս կուտային Կաթոլիկ հաւատաքննութեան տանջանքներէն։ Եթէ Եւրոպայի թղթածրարները բանանք, կը տեսնենք որ Եւրոպական պետութիւնները ինչեր ըրած են Ասիոյ կամ Ափրիկէի մէջ»։
Տավուտօղլու, ինչպէս միշտ կ՚ընէ նախագահ Էրտողանն ալ, ըսաւ. «Մենք միշտ ըսինք, որ պատրաստ ենք բաժնելու հայ ժողովուրդին ցաւերը, Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին օրն ալ ըսի, որ ինչ որ պէտք է, պատրաստ ենք ընելու։ Պատրաստ ենք Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ ամենալաւ յարաբերութիւնները հաստատելու, կը բաւէ, որ Հայաստանն ալ որոշ քայլեր առնէ Ատրպէյճանի հարցին մէջ»։
Տավուտօղլու չըսա, սակայն, թէ Թուրքիա Հայաստանի հետ բարի յարաբերութիւններ հաստատել ուզելու գծով ի՞նչ շինիչ քայլ առած է ցարդ կամ կ՚առնէ այսօր։
«Կեաւուր մահալլէսի» վաւերագրական ժապաւէնը՝ Շիշլիի մէջ
Շիշլիի քաղաքապետութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ յառաջիկայ 25 Ապրիլին Շիշլիի մշակոյթի կեդրոնին մէջ առաջին անգամ պիտի ցուցադրուի «Կեաւուր մահալլէսի» անուն վաւերագրական ժապաւէնը, որ նկարահանուած է Մկրտիչ Մարկոսեանի համանուն հատորի հիման վրայ։
Այս ժապաւէնը ընդգրկուած էր Իսթանպուլի շարժանկարի 34րդ փառատօնի ծրագրին մէջ, սակայն, ինչպէս ծանօթ է, փառատօնէն բազմաթիւ ժապաւէններ քաշուած էին «Պագուր» շարժանկարի գրաքննութեան հետեւանքով։ «Կեաւուր մահալլէսի»-ն ալ քաշուած էր փառատօնէն ու յառաջիկայ Շաբաթ օր՝ 25 Ապրիլին, պիտի ցուցադրուի անջատաբար։ Ժապաւէնը կը պատմէ Մկրտիչ Մարկոսեանի ընտանիքի պատմութեան ընդմէջէն Տիգրանակերտի «կեաւուրներու թաղ»-ի բնակիչներու մասին։
http://www.normarmara.com/
Leave a Reply