ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած պատարագը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաստատող Ֆրանսիս պապին կողմէ ապրիլ 12ին կատարուած յայտարարութիւնը, աւելցնելով, թէ այդ յայտարարութիւնը պէտք է խթան մը ըլլայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, որ յարգէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր խոստումը, «վերջ տալով Անգարայի ուրացման արշաւին մեղասկից դառնալու ամօթալի ժամանակաշրջանին»։
http://horizonweekly.ca/news/details/65552
Leave a Reply