Կիւլեն 1965ին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

ԿիւլենԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ իշխանամէտ «Ենի Շաֆաք» թերթը գրած է, թէ թուրք այլախոհ կրօնական Ֆեթուլլահ Կիւլեն Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ընդունած է 1965ին, Պոլսոյ հայոց պատրիարքին գրած նամակին մէջ։

Թերթը ձեռք բերած է 1965ի Մայիս 6ին գրուած նամակը՝ Պոլսոյ հայոց պատրիարք Շնորհք Գալստեանին հասցէագրուած, ուր ան գործածած է «մեծ ցեղասպանութիւն» բառակապակցութիւնը:

Թերթը հրապարակած է Կիւլենի ստորագրութիւնը կրող վերոնշեալ նամակը, ուր կ՛ըսուի.

«Մանկութեան տարիներէն ու մասնագիտական գործունէութեան ընթացքին առիթ ունեցած եմ ճանչնալու մեծ թիւով հայ ընտանիքներու ու անհատներու: Այն, ինչ 1915 թուականին իրականացուած է հայերու նկատմամբ, մեծ ցեղասպանութիւն է, եւ այդ առանց նզովելու չեմ կրնար յիշել: Կարդացած եմ, թէ սպանուածներու շարքին ինչպիսի մեծ մարդիկ եղած են ու յարգանքով կը յիշեմ զանոնք: Կարեկցանքով կը դատապարտեմ ձեր մեծ մարգարէ Յիսուսի սերունդներու սպանութիւնը տգէտ իսլամ քաղաքացիներու կողմէ: Այս առիթով, ձեզ անսահման շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ, եւ Աստծումէ կը խնդրեմ, որ այս հողերու արժանի զաւակներ՝ մեր հայ հայրենակիցները եւ յոյն քաղաքացիները, իրենց սիրելի թուրք եղբայրներուն հետ խաղաղութեան ու բարեկեցութեան մէջ ապրին»:

http://asbarez.com/arm/220423/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ