Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած դրոշմաթուղթ Ուրուկուէյի մէջ

ԴրոշմաթուղթԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ

Նախաձեռնութեամբ Ուրուկուէյի մօտ ՀՀի պատուոյ հիւպատոս Ռուբէն Աբրահամեանի եւ մեր գաղութի առաջնորդ

Յակոբ արք. Գըլնճեանի, Ապրիլ 7ին, երկրիս արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ռուտոլֆօ Նին Նովօայի, զբօսաշրջութեան նախարար Լիլիան Քէշիշեանի, Մոնթեվիտէոյի քաղաքապետ Աննա Օլիվերայի, ՀՀ դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեանի, ինչպէս նաեւ երկրիս խորհրդարանէն բազմաթիւ պատգամաւորներու, Ուրուկուէյի մօտ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու եւ մեծ թիւով ներկաներու, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած եւ Ուրուկուէյի նամակատան եւ հեռագրատան պետական կառոյցի կողմէ լոյս ընծայուած յատուկ դրոշմաթուղթի պաշտօնական ներկայացումը:

Արտաքին գործոց նախարար Նովօա հաստատեց Ուրուկուէյի պետութեան անվերպահ զօրակցութիւնը Հայ Դատին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի ի նպաստ տարուող աշխատանքներու մէջ:

Բոլոր խօսք առնող անձնաւորութիւնները, զբօսաշրջութեան նախարարը, մեր գաղութի առաջնորդ սրբազանը, նամակատան եւ հեռագրատան տնօրէնը, հաստատեցին թէ Ուրուկուէյը, իբրեւ մարդկային իրաւունքներու յառաջամարտիկ, միշտ հայ ազգի կողքին պիտի մնայ իր արդար իրաւունքներու ձեռք բերման պայքարին մէջ:

Վերջաւորութեան նոր դրոշմաթուղթերը կնքուեցան եւ առաջին օրինակները յանձնուեցան կարգ մը պաշտօնական անձնաւորութիւններու:

http://asbarez.com/arm/220117/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ