ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Կիպրոսի Հանրապետութեան խորհրդարանը ապրիլ 2ին, միաձայնութեամբ վաւերացուց ցեղասպանութեանց, ներառեալ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, կը յայտնէ Կիպրոսի խորհրդարանի պատգամաւոր Վարդգէս Մահտեսեան։
Նշենք, որ օրինագիծի քննարկումը մարտ 26ին յետաձգուած էր, որովհետեւ որոշ պատգամաւորներ վերապահութիւններ ունէին, իսկ ուրիշներ փափաք յայտնած էին միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման ուղղուած օրինագիծ ընդունիլ:
Յիշեցնենք, որ Կիպրոսի խորհրդարանի օրինագիծը ներկայացուած էր բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններուն կողմէ: Անիկա պատիժներ կը սահմանէ ցեղասպանութիւնը, պատերազմական յանցագործութիւնները եւ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները ուրացողներու դէմ:
Նշենք, որ նոյն օրը Կիպրոս կը գտնուէր ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
http://asbarez.com/arm/219659/
Leave a Reply