Քոնկրէսական Ատըմ Շիֆ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ պիտի ընթերցէ Ցեղասպանութեան զոհերու մէկ մասին անունները

Ատըմ ՇիֆԻր հայանպաստ գործունէութեամբ յայտնի ամերիկացի քոնկրէսական, Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ատըմ Շիֆ տեղեկացուցած է, որ ապրիլ 22-ին ամբողջ ժամ մը պիտի տրամադրէ Ներկայացուցիչներու պալատի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու անուններու ընթերցման։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։

Քոնկրէսականը կոչ ուղղած է Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն իրենց հարազատներու անունները ուղարկել համապատասխան հասցէով, որպէսզի անոնք եւս ներառուին իր կողմէն ընթերցուելիք ցուցակին:

«Մէկ ժամուան ընթացքին ես պիտի կրնամ ընթերցել Ցեղասպանութեան զոհ գացած մարդոց միայն մէկ մասին անունները: Իսկ 1.5 միլիոնէն աւելի զոհուածներու անունները ամբողջովին ընթերցելու համար շաբաթներ պիտի պահանջուին: Լիայոյս եմ, որ այս քայլով պիտի օգնեմ հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու այս ոճրագործութեան: Մարդիկ, որոնց անունները պիտի ընթերցեմ, եղած են որդի, դուստր, մայր ու հայր, մեծ հայր ու մեծ մայր, մօրաքոյր ու քեռի. անոնց ամէն մէկուն կեանքը անգին էր»,- ըսած է քոնկրէսականը:

http://www.yerakouyn.com/?p=77237

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ