Իր հայանպաստ գործունէութեամբ յայտնի ամերիկացի քոնկրէսական, Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ատըմ Շիֆ տեղեկացուցած է, որ ապրիլ 22-ին ամբողջ ժամ մը պիտի տրամադրէ Ներկայացուցիչներու պալատի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու անուններու ընթերցման։ Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։
Քոնկրէսականը կոչ ուղղած է Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն իրենց հարազատներու անունները ուղարկել համապատասխան հասցէով, որպէսզի անոնք եւս ներառուին իր կողմէն ընթերցուելիք ցուցակին:
«Մէկ ժամուան ընթացքին ես պիտի կրնամ ընթերցել Ցեղասպանութեան զոհ գացած մարդոց միայն մէկ մասին անունները: Իսկ 1.5 միլիոնէն աւելի զոհուածներու անունները ամբողջովին ընթերցելու համար շաբաթներ պիտի պահանջուին: Լիայոյս եմ, որ այս քայլով պիտի օգնեմ հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու այս ոճրագործութեան: Մարդիկ, որոնց անունները պիտի ընթերցեմ, եղած են որդի, դուստր, մայր ու հայր, մեծ հայր ու մեծ մայր, մօրաքոյր ու քեռի. անոնց ամէն մէկուն կեանքը անգին էր»,- ըսած է քոնկրէսականը:
http://www.yerakouyn.com/?p=77237
Leave a Reply