Նախագահ Էրտողանի նոր յայտարարութիւնը

ՄարմարաՆախագահ Էրտողան հարցազրոյց մը տուած է ֆրանսական “Ֆրանս-24” կայանին ու ըրած է յայտարարութիւններ 24 Ապրիլի կապակցութեամբ։ Ըստ Թուրքիոյ Նախագահին, հայերը իրենք են որ դիտումնաւոր կերպով 24 Ապրիլը այնպէս մը յարմարցուցած են, որ անիկա զուգադիպի Չանաքքալէի ճակատամարտի տարեդարձի օրուան։ Էրտողան յիշեցուցած է որ այս տարի Թուրքիա կը նշէ Չանաքքալէի ճակատամարտի հարիւրամեակը եւ անոր համար Հայաստանէն արտօնութիւն խնդրելու նպատակ չունի։
“Ասիկա պատմական թուական մըն է եւ բացարձակապէս կապ չունի Հայաստանի մէջ կատարուելիք միջոցառումներուն հետ։ Ընդհակառակը, անոնք թուականը այնպէս մը յարմարցուցած են, որ անիկա համընկնի մեր թուականին հետ”, յայտարարած է Էրտողան։ Նախագահը կրկին շեշտած է٫ որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու մէջ Թուրքիա միշտ դրական քայլը առած եւ խաղաղութեան ձեռք երկարած է, սակայն Հայաստան երբեք չէ ընդունած խաղաղութեան ձեռքը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ