Լիոնի մէջ պղծած են Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողը

Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողըԼիոնի ամենէն ծանօթ հրապարակին՝ Պէլքուռի կից՝ Անթոնէն Փոնսէ հրապարակին վրայ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողը պղծուած է անգամ մը եւս: Յուշարձանին վրայ տեղ-տեղ կատարած են հայհոյալից եւ վիրաւորական արձանագրութիւններ:
Յուշակոթողը բարձրացուած էր Լիոնի քաղաքապետարանին նեցուկով եւ 2006 Ապրիլին՝ անոր բացման արարողութեան առթիւ տեղի ունեցած էր շրջանի ժխտող կազմակեր-պութիւններու կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյց մը, որ ըստ երեւոյթին աջակցութիւնը կը վայելէր թրքական սպասարկութիւններուն: Ժխտողական այդ ցոյցին մասնակիցները բախած էին լիոնցի լիսէականներու շարժումին, որ վրդոված էր հոն վանկարկուած լոզունգնե-րէն: Ժխտողական այդ ցոյցին զուգահեռ, արդէն վիրաւորական արձանագրութիւններ կատարուած էին յուշակոթողին վրայ:
http://horizonweekly.ca/news/details/64784

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2015
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ