Նախագահ Էրտողան հարցազրոյց մը տուած է ֆրանսական “Ֆրանս-24” կայանին ու ըրած է յայտարարութիւններ 24 Ապրիլի կապակցութեամբ։ Ըստ Թուրքիոյ Նախագահին, հայերը իրենք են որ դիտումնաւոր կերպով 24 Ապրիլը այնպէս մը յարմարցուցած են, որ անիկա զուգադիպի Չանաքքալէի ճակատամարտի տարեդարձի օրուան։ Էրտողան յիշեցուցած է որ այս տարի Թուրքիա կը նշէ Չանաքքալէի ճակատամարտի հարիւրամեակը եւ անոր համար Հայաստանէն արտօնութիւն խնդրելու նպատակ չունի։
“Ասիկա պատմական թուական մըն է եւ բացարձակապէս կապ չունի Հայաստանի մէջ կատարուելիք միջոցառումներուն հետ։ Ընդհակառակը, անոնք թուականը այնպէս մը յարմարցուցած են, որ անիկա համընկնի մեր թուականին հետ”, յայտարարած է Էրտողան։ Նախագահը կրկին շեշտած է٫ որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու մէջ Թուրքիա միշտ դրական քայլը առած եւ խաղաղութեան ձեռք երկարած է, սակայն Հայաստան երբեք չէ ընդունած խաղաղութեան ձեռքը։

Նախագահ Էրտողանի նոր յայտարարութիւնը
•
Վերջին Յաւելումներ
- Սոցհարցում Թուրքիայում. ԱԶԿ-ն պարտվում է, իսկ Էրդողանը դժվար կացության մեջ է
- 2024-ին մահացած երեք Դպրեվանքցիներ պիտի յիշատակուի Փարիզի մէջ
- Ստամբուլի նախկին քաղաքապետին սպառնում է 2352 տարվա ազատազրկում



Leave a Reply