ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Կիպրոսի օրէնսդիրները Մարտ 30ին որոշած են ներկայ օրէնսդրութեան մէջ ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին փոփոխութիւններ կատարել, եթէ մարդկութեան դէմ այդ յանցագործութիւնը ճանչցուի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ, կը տեղեկացնէ «Սայփրըս Մէյլ»ը:
Ներկայ օրէնքին համաձայն՝ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու եւ ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական յանցագործութիւն կը նկատուի միայն, երբ յանցագործութիւնը ճանաչուած է Միջազգային քրէական դատարանի որոշումով: Կիպրոսը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած 22 երկիրներէն մէկն է, սակայն, մինչ այժմ ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական յանցագործութիւն չէր համարեր, քանի որ անիկա ճանչցուած չէր Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ:
Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Եանաքիս Օմիրու առաջարկած է համալրել օրէնսդրութիւնը ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման մասին կէտով, եթէ անիկա ճանչցուի Միջազգային դատարանին կամ Կիպրոսի խորհրդարանի որոշումով:
Ներկայացուցիչներու տան Իրաւական հարցերու յանձնախումբի քննարկումէն ետք, պատգամաւորները Մարտ 30ին ընդունեցին Օմիրուի առաջարկը, սակայն այն պայմանով, որ Ներկայացուցիչներու տունը միաձայնութեամբ բանաձեւ ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն ճանչնալու մասին:
Իշխող DISY կուսակցութեան աղբիւրները յայտնած են, որ Ներկայացուցիչներու տունը կրնայ արտաահերթ նստաշրջան գումարել Ապրիլ 2ին, այս նպատակով իրաւական ուղղումը կատարելու համար:
Կը նշուի, որ Կիպրոսը առաջին եւրոպական երկիրն է եղած եւ երկրորդը աշխարհի մէջ, Ուրուկուէյէն ետք, որ պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, 1975ի Ապրիլ 24ին, միաձայնութեամբ վաւերացուած բանաձեւով: Կը կարծուի, որ առաջադրուած փոփոխութիւնները միաձայնութեամբ կը վաւերացուին եւ ինքնաբերաբար կը կիրարկուին Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման պարագային:
Ըստ օրէնքի՝ ռազմական, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու եւ ցեղասպանութիւններու ժխտումը, եթէ անոնք ճանչցուին Միջազգային դատարանին կողմէ, յանցագործ անձը կը պատժուի մինչեւ 5 տարուան բանտարկութեամբ եւ-կամ 10,000 եուրօ տուգանքով:
http://asbarez.com/arm/219339/
Leave a Reply