Թուրքիոյ մէջ բնակող փոքրամասնութիւնները, որոնց շարքին նաեւ հայերը, երկար տարիներ ապրելով այդ տարածքներուն մէջ, մինչեւ այսօր չեն կրնար իրենք զիրենք զգալ պետութեան լիիրաւ քաղաքացիներ: Ժողովուրդին մէջ հայերու նկատմամբ ձեւաւորուած «թշնամիի», «դաւաճանի» կարծրատիպերը կը ստիպեն հայերուն օտարուած զգալ այն հասարակութեան մէջ, ուր կ՛ապրին: Այդուհանդերձ, ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին գտնուող պատմական հայկական բնակավայրերու մէջ մնացած հայերուն մէջ կը շարունակուի սեփական ինքնութեան վերադառնալու դրական միտումը:
«Արմէնփրես»-ը խօսած է Մալաթիոյ հայերու միութեան նախագահ Կարպիս Էվեափանի հետ, որուն գլխաւորած Մալաթիոյ «Հայդեր» կազմակերպութիւնը եւս մեծ աշխատանք կը տանին ոչ միայն հայերու ինքնութեան պահպանման, այլեւ հայկական կոթողներու վերականգնման համար:
-Այսօր քանի՞ հայ կը բնակի Մալաթիոյ մէջ: Անոնք կը թաքցնե՞ն իրենց ինքնութիւնը, թէ բացայայտ կը խօսին անոր մասին:
– Այս պահուն Մալաթիոյ հայերը շուրջ 60-¬ն են: Անոնք բոլորն ալ բացայայտ կը նշեն, որ հայ են, չեն թաքցներ իրենց ինքնութիւնը:
-Կը պատմէ՞ք Մալաթիոյ հայերու միութեան` «Հայդեր»-ի մասին: Սեփական արմատներուն վերադառնալ ցանկացող հայերուն համար միութիւնը ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալէ:
-Մալաթիոյ «Հայդեր» միութիւնը հիմնուած է 2010 թուականին: Մինչեւ հիմա ան տարբեր ձեռնարկներ իրականացուցած է Սթամպուլի եւ Սփիւռքի մէջ բնակող մալաթիացի հայերու հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու նպատակով: Ան ոչ միայն կազմակերպած է տարբեր ձեռնարկներ, այլեւ մասնակցած է իսլամացուած հայերու համաժողովին, պատրիարքի եւ վաքըֆներու ընտրութեան առնչուող քննարկումներուն եւ առհասարակ այն նախաձեռնութիւններուն, ուր քննարկուած են հայերը յուզող հարցեր: Միեւնոյն ժամանակ, Ս. Ծնունդի, Զատիկի, Բարեկանդանի նման կրօնական տօներուն, մեր աւանդոյթները կեանքի կոչելով, կը կազմակերպենք հաւաքներ: Բացի այդ, կատարուած է Մալաթիոյ հայերու պատմութիւնը ներառող գիրքը, որ շատ շուտով լոյս պիտի տեսնէ: Կը շարունակուին նաեւ բանաւոր պատմութեան շուրջ տարուող աշխատանքները:
Մալաթիոյ մէջ, համեմատած միւս շրջաններուն հետ, քիչ է արմատապէս իսլամացած հայերուն թիւը: Մեր միութիւնը աշխատանքներ կը տանի անոնց` հայկական համայնք ներգրաւելու նպատակով:
-Ի՞նչ վիճակի մէջ են Մալաթիոյ մէջ հայերէն մնացած մշակութային կոթողները:
– Աւարտած են Մալաթիոյ հայկական գերեզմանատան անվտանգութեան ուղղուած աշխատանքները, ծառատունկը, զոհասեղանի եւ դիակի լուացման վայրի կառուցումը: Դեռ կը շարունակուի տեղի երկու կիսաւէր հայկական եկեղեցիներու վերանորոգումը:
– Հայոց ցեղասպանութեան 100-¬րդ տարելիցին Մալաթիոյ մէջ յիշատակի ջեռնարկներ պիտի իրականացուի՞ն:
– Քանի որ մեր միութիւնը հիմնուած է Սթամպուլի մէջ, ան հիմնական գործողութիւնները կը ծաւալէ այնտեղ. մենք կը մասնակցինք Սթամպուլի ձեռնարկներուն: Իսկ Մալաթիոյ մէջ հնարաւոր յիշատակի ձեռնարկներ իրականացնելու վերաբերեալ որոշում պիտի կայացնեն տեղացիները:
-Կը սպասէ՞ք, որ Թուրքիան ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
– Թուրքիան պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Յատկապէս կարեւոր է այն, որ թրքական պետութիւնը սահմանադրօրէն պէտք է ընդունի փոքրամասնութիւնները որպէս իր երկրի հաւասար քաղաքացիներ, որոնք արդէն 100 տարի է` կ՛ապրին Լոզանի պայմանագրի հովանիին տակ: Բացի այդ, պետութիւնը պէտք է ապահովէ այնպիսի միջավայր, ուր հայերը կարենան ազատօրէն դաւանել իրենց կրօնը, ապրիլ իրենց պատմական ինքնութեամբ: Պետութիւնը պէտք է վերադարձնէ նաեւ հայերէն խլուած գոյքը: Անհրաժեշտ է, որ պետութիւնը յատուկ կրթական քարոզչութիւն սկսի, որ վերացնէ ժողովուրդի ուղեղներուն մէջ առկայ այն կարծրատիպերը, որով հայերուն հետ կը կապեն «վրէժի», «հայրենիքի դաւաճանի», «կեաւուրի» գաղափարները, պէտք է ժողովուրդին ներկայացուի, որ հայերը, եւ ոչ միայն անոնք, այս երկրի հիմնական տարրերն են: Այն ժամանակ, երբ մարդիկ ոչ թէ պետութեան պարտադրանքով, այլ սեփական կամքով սկսին հաւատալ այս ամէնուն, խնդիրները մեծաւ մասամբ լուծուած կը համարուին: Մենք յատկապէս կը ցանկանանք ըլլալ սահմանադրօրէն հաւասար իրաւունք ունեցող քաղաքացի:
Հարցազրոյցը` Արաքս Կասեանի
http://horizonweekly.ca/news/details/64608
Leave a Reply