«Ակօս»ի հայերէն բաժնի խմբագիր Սարգիս Սերովբեան ոչ եւս է

Սարգիս ՍերովբեանՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Ցաւով կը յայտնենք, որ «Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագիր Սարգիս Սերովբեան մահացած է Շաբաթ, 28 Մարտի երեկոյեան:

«Յարգանքով կը խոնարհինք Սարգիս Սերովբեանի յիշատակին առջեւ, ան «Ակօս»ին միաձուլուած խորհրդանիշ մըն էր: Խոր վիշտով կը ցաւակցինք ընտանիքին եւ բոլոր սիրելիներուն հետ, կը գրէ «Ակօս»:

Սարգիս Սերովբեան ծնած էր 1935: Միջնակարգէն ետք կը մտնէ կեանքի ասպարէզ, մէկ կողմէն կ’աշխատակցի զանազան օրաթերթերու եւ պարբերականներու: Հրանդ Տինքի առաջարկին հիման վրայ մաս կը կազմէ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր խմբակին, ստանձնելով հայերէն էջերու խմբագրութիւնը: Այդ օրէն ի վեր ղեկավարած է թերթին հայերէն բաժինը: Սերովբեան ամուսնացած է, եւ ունի երկու զաւակ:

«Ասպարէզ» կը ցաւակցի «Ակօս»ին եւ Սերովբեանի հարազատներուն:
http://asbarez.com/arm/219201/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ