Մարտ 25-ին, Նիւ Եորքի The Wall Street Journal օրաթերթի խմբագրական կազմէն կապ հաստատեցին «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ, յատկապէս տեղեկութիւններ ստանալու համար «Հորիզոն»ի կողմէ վերջերս հրապարակուած` Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրող 106-ամեայ Քնար Եմէնիճեանի պատմութեան մասին։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, The Wall Street Journal նպատակ ունի անդրադառնալու Ցեղասպանութեան վերապրողի մը պատմութեան։
Նշենք, որ Մեծ Եղեռնի օրերուն, The Wall Street Journal անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արեւմտեան կիսագունտի մամուլի այն թերթերէն է, որոնք բացայայտօրէն կը գործածեն «Հայոց Ցեղասպանութիւն» յղացքը։
The Wall Street Journal հիմնուած է 1889-ին։ Թերթը ունի 2.4 միլիոն բաժանորդ, 900 հազար համացանցային հետեւորդ եւ կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն տարածուն թերթը։
http://horizonweekly.ca/news/details/64473
Leave a Reply