Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ` Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ

????????? ?????S«Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը, կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի Հանրապետութեան քաղաքական կուսակցութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մշակած են: Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններուն մշակուած միացեալ օրինագիծը պատիժներ կը նախատեսէ ցեղասպանութիւնը, պատերազմական յանցագործութիւնները եւ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները չճանչցողներուն համար:
Հաղորդումին մէջ նշուած է, որ առաջարկուած է օրինագիծը ընդունիլ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով: Կիպրոսի Հանրապետութիւնը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Կ՛ենթադրուի, որ Կիպրոսի խորհրդարանը օրինագիծը օրակարգի վրայ կը դնէ այս շաբթուան ընթացքին:
http://horizonweekly.ca/news/details/64386

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ