«Կ՛առերեսուինք 100 տարուան ցաւին հետ» գիտաժողովը՝ Այնթապի մէջ

Կ՛առերեսուինք 100 Տարուան Ցաւին ՀետԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, շաբաթ, մարտ 21ին, Այնթապի մէջ պիտի կայանայ «Կ՛առերեսուինք 100 տարուան ցաւին հետ» խորագիրով գիտաժողով մը:
Ըստ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» լրատուական կայքին՝ «Կանաչներ» կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած միջոցառումը ներկայացուած է իբրեւ հանրութեան համար բաց քննարկում՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով: Գլխաւոր հարցադրումը պիտի ըլլայ հետեւեալը. «Ին՞չ եղաւ Այնթապի մշակութային բազմազանութեան»:
Բանախօսի կարգավիճակով միջոցառման ընթացքին ելոյթներով հանդէս պիտի գան «Կանաչներ» կուսակցութեան խօսնակ Սեւիլ Թուրքան, Ամերիկա հաստատուած եւ ծնունդով լիբանանցի մտաւորական Խաչիկ Մուրատեան, խմբագիր եւ թարգմանիչ Աթիլլա Թոյքան եւ թարգմանիչ Մուրատ Ուչաներ:
«Կանաչներ» կուսակցութեան Այնթապի կառոյցի պատասխանատու Ճելալ Տենիզ ըսած է, որ Թուրքիա բազմաթիւ պատմական իրադարձութիւններու հետ առերեսուելու կարիքն ունի, իսկ անոնցէ գլխաւորը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնն է:
http://horizonweekly.ca/news/details/64206

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ