Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ «Եթէ Թուրքիան 1990-ական թուականներուն հզօր ըլլար, Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պիտի չըլլար»` աւելցնելով, որ եթէ օրին Թուրքիան «այսօրուան հզօր պետութիւնը ըլլար», «եղբայրներուն օգնելու համար աւելի շատ բան պիտի կարենար ընել»:
Թուրքիա օրին բազմաթիւ վարձկաններ եւ զինուորական խորհրդատուներ տրամադրեց իր «եղբայրներուն», ինչպէս նաեւ մեծաքանակ զէնք ու զինամթերք, սակայն ի զուր: Եթէ օրին աւելի հզօր ըլլար, լաւագոյն պարագային յաւելեալ վարձկաններ պիտի ուղարկէր, որուն իբրեւ հետեւանք յաւելեալ կորուստներ պիտի ունենար, որովհետեւ հայ մարտիկները յաւելեալ որս պիտի ունենային հնձելիք: Միակ տարբերութիւնը այդ պիտի ըլլար:
Էրտողան նաեւ յայտնեց. «Թուրքիան պատմական եւ մշակութային առումով պատասխանատուութեան շատ լայն դաշտ ունի»: Ան այդպիսով կ՛ակնարկէր Օսմանեան կայսրութեան տարածքին եւ կ՛արձագանգէր Իրանի նախագահին կրօնական եւ փոքրամասնութիւններու հարցերու խորհրդական Ալի Եունեսի այն յայտարարութեան, թէ իրանցիք պէտք է իրենց դիրքն ու պատմութիւնը ճանչնան, «այսինքն` միջազգային կերպով մտածենք եւ իբրեւ իրանեան ազգ գործենք»: Եունես նաեւ նշած էր, որ Թեհրան շրջանի ժողովուրդներուն շահերը կը պաշտպանէ նոր օսմանականութեան տիրապետութեան վտանգէն: Ատիկա կարելի է տեղադրել Թուրքիա-Իրան մրցակցութեան եւ շահերու բախման ծիրին մէջ:
Զարմանալին, սակայն, Էրտողանի այն պնդումն է, որ եթէ 1990-ական թուականներուն իր երկիրը այսօրուան նման հզօր ըլլար, Միջին Արեւելքի մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող իրադարձութիւնները պիտի չըլլային: Սակայն այդ իրադարձութիւնները սկիզբ առին ներկայ «հզօր» Թուրքիոյ ժամանակաշրջանին եւ անոր մեղսակցութեամբ: Ամէնուրեք՝ Լիպիոյ, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի արիւնալի զարգացումներուն մէջ կան Թուրքիոյ մատնահետքերը: Արդեօք Էրտողան ըսել կ՛ուզէ, որ եթէ օրին Թուրքիան հզօր ըլլար, ինք «Արաբական գարուն»-էն ետք Սուրիոյ հետ իր իսկ կնքած ռազմավարական գործընկերութիւնը պիտի չխզէ՞ր, թուրք-սուրիական մեղրալուսինը պիտի շարունակէ՞ր, իր սահմանները ահաբեկիչներուն առջեւ պիտի փակէ՞ր կամ Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներուն պիտի չաջակցէ՞ր: Աւելի՛ն, եթէ 1990-ական թուականներու քեմալական Թուրքիան հզօր ըլլար, վստահաբար ո՛չ այսօրուան նոր օսմանական Թուրքիան պիտի ըլլար, ո՛չ ալ Էրտողան սուլթանութեան գահին տիրանալու այսքան մօտ պիտի ըլլար:
Այս բոլորէն անկախ, նախ եւ առաջ գոյութիւն ունի նաեւ հետեւեալ հարցը. արդեօք իր բոլոր դրացիներուն հետ խնդիրներ ունեցող, իր շրջապատէն մեկուսացած երկիր մը հզօ՞ր է: Ըստ երեւոյթին Էրտողան այդպէս կը կարծէ:
Leave a Reply