Ապրիլ 24ի սեմին Թուրքիա միջոցներու ձեռնարկած է Հայաստանի քայլերուն դէմ. Չաւուշօղլու

0314Chavoush1-300x168ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հարաւային Կովկասի բոլոր խնդիրներուն կեդրոնը Հայաստանն է, «A Haber» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու:

«Թուրքիան Հայաստանի օգնութեան ձեռք երկարեց, սակայն ան նողկալի ձեւով մերժեց զայն: Երկիր մը, որ խնդիր ունի բոլոր հարեւան երկիրներուն հետ, պէտք է հայելիի մէջ ինքնիրեն նայի», ըսած է նախարարը:

Չաւուշօղլու ընդգծած է, որ Թուրքիա Ապրիլ 24ի նախաշեմին ձեռնարկած է անհրաժեշտ քաղաքական, մշակութային ու դիւանագիտական բոլոր միջոցներուն, Հայաստանի քայլերուն դէմ. «Ապրիլ 24ին, Կալիփոլիի ճակատամարտի տարելիցին նուիրուած միջոցառման ընթացքին, մենք ամբողջ աշխարհին խաղաղութեան եւ բարեկամութեան պատգամ պիտի ուղարկենք», ըսած է ան։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ կարծիք յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ապրիլ 24ի ելոյթը նման պիտի ըլլայ իր նախորդ ելոյթներուն, այլապէս՝ անիկա բացասական կերպով պիտի ազդէ Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն վրայ:

http://asbarez.com/arm/217480/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ