Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ յայտնի գերմանացի պատմաբան Միքայէլ Հեսմանը յայտարարած է Վատիկանի գաղտնի արխիւներուն մէջ մինչեւ այսօր չհրապարակուած 2000 էջնոց փաստաթուղթերու յայտնաբերման մասին, որոնք անուանած է «պատմութեան մէջ քրիստոնեաներու ամենամեծ հետապնդումը»:
Ըստ Panarmenian.net-ի՝ Հռոմի մէջ լոյս տեսնող Zenit լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին պատմաբանը ուշագրաւ տեղեկութիւններ հաղորդած է հայերու Ցեղասպանութեան նկատմամբ Հռոմի Սուրբ Աթոռին, մասնաւորապէս` Հռոմի Պենետիքթոս XV պապի դիրքորոշման մասին, որ 1915-ին բազմաթիւ անգամներ կոչ կ՛ընէր դադրեցնելու հայերուն հանդէպ կատարուող բռնութիւնները:
Անդրադառնալով փաստաթուղթերու յայտնաբերման պատմութեան` Հեսմանը ըսած է. «Ինծի հետաքրքրեց Հայոց ցեղասպանութեան թեման, երբ կարդացի Քէոլնի արքեպիսկոպոս Քարտինալ ֆօն Հարտմանի` 1913-ին Գերմանիոյ Ռէյխի կանցլերին ուղղուած նամակը, ուր կը խնդրէր օգնել` կանխելու Հայոց նոր ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելքէն ռուսական զօրքերու դուրսբերումէն ետք:
«Այնուհետեւ նոր եւ նոր փաստաթուղթեր յայտնաբերեցի, աւելի քան 2000 էջ, որոնց մեծամասնութիւնը ոչ հրապարակուած է, ոչ ալ ուսումնասիրուած որեւէ պատմաբանի կողմէ: Մինչ այդ ուսումնասիրելով Ցեղասպանութեան թեման` ծանօթ էի Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներուն մէջ պահուող փաստաթուղթերուն, որոնք պատրաստուած էին օսմանեան պաշտօնեաներու ու դիւանագէտներու կողմէ, իսկ այս փաստաթուղթերը նոր ուսումնասիրութեան նիւթ են:
«Ի հարկէ, կարեւոր աղբիւրներէն են նաեւ ԱՄՆ-ի դիւանագէտներու զեկոյցները, յատկապէս` Կ.Պոլսի մէջ հիւսիս-ամերիկեան դեսպան Հենրի Մորգենթաուի փայլուն զեկոյցը: Մինչ այժմ հանդիպած են նաեւ անգլիացի, ֆրանսացի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ իտալացի դիւանագէտներու զեկոյցները, սակայն Վատիկանի փաստաթուղթերը տեղեկատուութեան հիանալի աղբիւր են»:
Խօսելով կոտորածներու պատճառներուն մասին` ան ըսած է. «Կոտորածները սկսան, երբ թուրքերը խուզարկումներ կատարեցին հայկական տուներու մէջ` զէնք յայտնաբերելու նպատակով, ինչ որ օգտագործեցին որպէս ապստամբութեան դաւադրութեան «վկայութիւն», որ, ի հարկէ, անհեթեթութիւն էր: Ատոր հետեւեցան տղամարդոց ձերբակալութիւնները, չարչարանքներն ու սպանութիւնները: Այնուհետեւ կանանց, տարեցներուն եւ երեխաներուն ստիպեցին հարիւրաւոր քիլոմեթրեր անցնիլ Անատոլիոյ լեռնային տարածքներով` առանց ջուրի եւ ուտելիքի»:
«Մօտ 350 000-ը, հասնելով սուրիական անապատ, տեղաւորուեցան համակեդրոնացման ճամբարներու մէջ, որմէ ետք սկսաւ «մահուան երթը» Սուրիոյ անապատով, ուր շատերը սպաննուեցան: Քանի մը տասնեակ հազար մարդիկ միայն ողջ մնացին, անոնց մեծ մասը որբեր էին, որոնց համար Պենետիքթոս XV պապը երկու որբանոց տրամադրեց»,-պատմած է գիտնականը:
Խօսելով հնարաւոր զարգացումներու մասին գերմանացի պատմաբանը յատուկ նշած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը նոյն կիրքով կը փորձէ համաշխարհային գրականութեան մէջ բոլոր միջոցներով ջնջել Հայոց ցեղասպանութեան հետքը` կանխելով հայոց կոտորածներու` որպէս ցեղասպանութիւն ճանաչումը:
«Բայց տեղի ունեցած է ցեղասպանութիւն` ըստ ՄԱԿ-ի սահմանումին, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու ամենամեծ հալածանքը պատմութեան մէջ, որուն զոհ գնաց միլիոն ու կէս հայ եւ մօտ մէկ միլիոն քրիստոնեայ սուրիացիներ եւ յոյներ»,-ըսած է գերմանացի պատմաբանը, կը յայտնէ Tert.am-ը:
Դեռ 2012-ի Փետրուարին յայտարարուեցաւ, որ Վատիկանը կը սկսի բանալ 400-ամեայ վաղեմութեան գաղտնի արխիւները` սկսած 1621 թուականի: Ամենահին փաստաթուղթը թուագրուած է 8-րդ դարով: Արխիւային փաստաթուղթերուն մէջ կան նաեւ այնպիսինները, որոնք կը վերաբերին Հայոց ցեղասպանութեան, որ իրականացուած է Օսմանեան կայսրութեան օրօք:
Աւելի վաղ Վատիկանի գաղտնի արխիւի պատասխանատու, եպիսկոպոս Սերճիօ Պագանոն յայտարարած է, որ հայերու մասին փաստաթուղթերը պիտի հրապարակուին: Անոնց մէջ տեղեկութիւններ կան «թրքական զօրքերու կողմէ հայերու տանջանքներուն մասին»:
http://horizonweekly.ca/news/details/63316
Leave a Reply