Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ կանանց նուիրուած յուշակոթողի բացում Փարիզի մէջ

յուշակոթողՖրանսահայ «Կապոյտ խաչ» միութեան նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս եւ Կանանց միջազգային օրուան առթիւ Մարտ 8-ին Փարիզի Երեւանեան պուրակը համալրուեցաւ հարիւր վարդենիներով` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ կանանց:

Կոմիտասի արձանի հարեւանութեամբ տեղի ունեցաւ յուշակոթողի բացման արարողութիւն, որ կը գլխաւորէին Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն եւ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեպան Վիգէն Չիտեչեան: Այս մասին կը հաղորդէ ԱԳ նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը:
Նախաձեռնութեան ներկայ էին Փարիզի քաղաքային խորհուրդի բազմաթիւ անդամներ, հասարակական-քաղաքական ու պետական գործիչներ, մշակութային ու լրատուական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, հարիւրաւոր ֆրանսահայեր ու փարիզի բնակիչներ:
Դեսպան Չիտեչեան իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Փարիզի, ինչպէս նաեւ ողջ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն` ծագումով հայ իրենց քաղաքացիներու նախնիներուն յիշատակի հանդէպ ընդգծուած հոգատար վերաբերմունքին եւ մշտական ուշադրութեան համար:
Ելոյթներուն յաջորդեց յուշաքարի հանդիսաւոր բացումը, որուն վրայ գրուած է. «Ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայուհիներուն, անոնց, որոնք անյետ կորան, ինչպէս եւ անոնց, որոնք փրկուեցան եւ փոխանցեցին յիշողութիւնը»:

http://www.yerakouyn.com/?p=74699

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ