Հետազօտական այս աշխատութիւնը նահատակ հայ մարզիկներու վիճակուած տխուր ճակատագիրը ցոլացնող վաւերաթուղթ մըն է: Սոյն ուսումնասիրութեամբ լուսարձակը կը կեդրոնացնենք ներկայացնելու Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին Օսմանեան կայսրութեան եւ բռնակալ Թուրքիոյ տարբեր իշխանութիւններու ժամանակաշրջանին (1915-1923 թուականներուն) նահատակուած եւ մահացած մարզիկներու, որ ընդհանրապէս ոչ շատ ուշադրութեան կեդրոն դարձած է:
Հսկայ էր անոնց տարած աշխատանքը, յատկապէս Օսմանեան կայսրութեան եւ թրքական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին անոնք դիմագրաւեցին բաւական դժուարութիւններ եւ հակառակ իրենց համեստ կարողութեան, սակայն կամքի, ոգիի եւ ազգի անկոտրում հաւատքի իբրեւ արդիւնք` անոնք կրցան աշխարհի ամէնէն բարձր մարզադաշտերու վրայ հայու ներկայութիւնը պատուաբեր ախոյեանական արդիւնքներով ներկայացնել:
Նիւթը լուսաբանելու համար ուսումնասիրած ենք զանազան արխիւներ` տարբեր աղբիւրներէ, ինչպէս նաեւ` զանազան լեզուներով:
Այս աշխատասիրութիւնը փորձ մըն է` ուրուագծելու Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ տարբեր իշխանութիւններու ժամանակաշրջանին հայ մարզիկներու, ինչպէս նաեւ մարզական ակումբներու, միութիւններու, ընկերութիւններու հոլովոյթը, սկսած` նախացեղասպանութեան շրջանէն, հասնելով մինչեւ Մեծ եղեռն` մարզիկներու նահատակութիւնը կամ գաղթի ճամբուն վրայ ու աքսորավայրերու մէջ անոնց մահը:
Ուսումնասիրական այս աշխատանքը փորձ մըն է խորանալու եւ ուսումնասիրելու Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին նաեւ մարզական բնագաւառի ոչնչացումը, կորուստը եւ մարտիրոսացումը:
Հայ մարզաշխարհի` մարզիկներու եւ մարզական ակումբներու ու միութիւններու բնագաւառին կորուստը եւ բնաջնջումը լաւագոյնս կը դրսեւորեն իթթիհատական կառավարութեան սադայէլական որոշումով, Օսմանեան կայսրութեան տարածքին, Հայկական Բարձրաւանդակին եւ Արեւմտեան Անատոլուի հայութեան, 1915-1923 զանգուածային բռնագաղթն ու Ցեղասպանութիւնը, որոնց պատճառով կործանեցան հայկական գիւղերն ու քաղաքները, աւերուեցան, ամայացան ու պատմութեան սեւ էջին մէջ կարմիր գոյնով գրուեցան:
100 տարիներ առաջ հայ ժողովուրդը թուրքէն ենթարկուեցաւ ցեղասպանութեան, այդ ճամբուն վրայ ինկան միլիոնաւոր քոյրեր եւ եղբայրներ, նահատակուեցան ու մարտիրոսացան բիւրաւոր հերոսներ` մտաւորականներ, կղերականներ, ազգայիններ, բժիշկներ, վաճառականներ, արհեստաւորներ, ինչպէս նաեւ` մարզիկներ:
Հայոց ցեղասպանութեան անժխտելի իրողութիւնը, որ մղիչ ուժ դարձաւ մեզի` լոյս ընծայելու «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԻՆ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ ԵՒ ՄԱՀԱՑԱԾ ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ» ուսումնասիրութիւնը, մեզի դիտել տուաւ, որ այս աշխատասիրութեան բուն ծալքերը իրենց ամբողջական վիճակին մէջ ցարդ սպառիչ ձեւով չուսումնասիրուեցան մեր եւ երբեմն նոյնիսկ օտարին կողմէ:
Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին նահատակուած եւ մահացած մարզիկներու նիւթը ձեւով մը իբրեւ յիշատակում կը հանդիպինք նախ «Հայ սկաուտ» հանդէսի «Ա. տարուան, թիւ 12, 24 ապրիլ 1920»-ի թիւին մէջ «Սգապսակ ձօն նահատակուած եւ մեռած հայ մարզիկներու յիշատակին» խորագրով: Ապա, Հայկ Դեմոյեանի, «Հայկական սպորտը եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութիւնում» գիրքին իններորդ գլուխը, որ «Հայկական սպորտի կորուստը» վերնադիրով հրատարակուած է:
Ուստի, «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԻՆ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ ԵՒ ՄԱՀԱՑԱԾ ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ» ուսումնասիրութիւնը ենթահող կը պատրաստէ, որ ներկայ եւ յաջորդ սերունդի մարզիկները պատրաստ լսարան ունենան: Կը յուսանք, որ սոյն աշխատութիւնը կը նպաստէ վաւերագրականօրէն հիմնաւորելու հայ մարզաշխարհի հոլովոյթը հայոց պատմութեան մէջ, մանաւանդ Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ` միատեղելու այդ օրուան հայկական մարզաշխարհի վերացումը:
Այս ուսումնասիրութիւնը կը միտի լուսաբանել հայկական մարզաշխարհի բնորոշ գիծեր` պարզելու համար, որ Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք հազարաւոր հայ մարզիկներ եւս նահատակուած են, եւ մեծ կորուստ ունեցած է ոչ թէ հայ ազգը, այլ` համայն մարդկութիւնը:
Յայտնենք, թէ այս վիճակագրութիւնները ամբողջական չեն եւ կրնանք ըսել, որ հայ նահատակ մարզիկներուն թիւը շատ աւելի մեծ է, ինչպէս ըսինք վերը: Այս իսկ պատճառով դոյզն իսկ յաւակնութիւն չունինք կատարեալ աշխատանք մը տարած ըլլալու, նկատի առնելով, որ մանաւանդ ուսումնասիրական աշխատանքներ միշտ ալ պակասաւոր մնացած են:
Արդարեւ, հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ մարզական կեանքի ծնունդը եւ ամէնէն փայլուն էջերը, ձեռք բերուած նուաճումը հպանցիկ ակնարկով մը ներկայացնելով, եւ յետոյ, ինչ որ սահող տարիներուն հետ պիտի յանգէր Մեծ եղեռնի իրագործումով հայ մարզաշխարհի վերացումին:
1915-2015` ապրիլ 24-ի Եղեռնէն 100-ամեակ մը յետոյ, 100-րդ ապրիլէ ետք, անհուն գուրգուրանքով ու զոհողութեամբ լոյս ընծայուած «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԻՆ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ ԵՒ ՄԱՀԱՑԱԾ ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ» ուսումնասիրութիւնը, թող ոգեկոչումի եւ պահանջատիրութեան առիթը ըլլայ սրբադասուելիք նահատակներուն:
* * *
Ա. Համաշխարհային պատերազմի (1914-1918 թուականներուն) ու անոր յաջորդած տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան եւ քեմալական կառավարութեան` Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ կայսրութեան միւս հայաբնակ վայրերուն մէջ իրագործուեցաւ կանխամտածուած եւ ծրագրուած Մեծ եղեռնը, այլ խօսքով` 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը:
Հայոց ցեղասպանութիւն. 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան եւ քեմալական Թուրքիոյ իրագործած հայ ազգաբնակչութեան զանգուածային տեղահանութիւնն ու բնաջնջումը հայերու ցեղասպանութիւնն է, որուն զոհ գնաց 1,5 միլիոն մարդ:
Հայերու, ինչպէս նաեւ Օսմանեան կայսրութեան միւս քրիստոնեայ բնակչութեան դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան թրքական քաղաքականութեան հիմք կը հանդիսանար համաիսլամութեան եւ համաթրքութեան պետական դարձած գաղափարախօսութիւնները:
Իթթիհատական պարագլուխներ կայսրութեան ներքին գործերու նախարար Թալէաթ փաշան, ռազմական նախարար Էնվեր փաշան, եւ ծովային նախարար Ճեմալ փաշան, ինչպէս նաեւ երիտթրքական կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պեհաէտտին Շաքիրի եւ ուրիշներու կողմէ կանխամտածուած եւ ծրագրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը կը միտէր Անատոլուն մաքրել ոչ թուրք ցեղերէ եւ դարձնել զայն թուրանական հայրենիք` «Մեծ Թուրան» ստեղծելու, հետեւաբար այս ծրագիրը կրնար իրականանալ հայերու բնաջնջումով:
Ահմետ Ճեմալ փաշա, «Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան պարագլուխներէն, երիտթուրքերու ղեկավար «եռեակի» (Թալէաթ, Էնվեր, Ճեմալ) անդամ, Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր յանցագործներէն էր: Արաբները «Արիւնարբու Ճեմալ փաշա» յորջորջումը տուած էին անոր:
1914-1918 տարիներուն Ճեմալ հրամանատարն էր Սուրիոյ մէջ գործող թրքական չորրորդ բանակին, ինչպէս նաեւ օսմանականութեան, համիսլամութեան եւ համաթրքութեան ջատագով: Գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկեան Հայաստանի հայերու զանգուածային տեղահանման ու կոտորածին, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ որբերը թրքացնելու աշխատանքին մէջ (Հալիտէ Էտիպի եւ Նիկար հանըմի միջոցով): Նշենք, որ դահիճ Ճեմալ ճնշած է արաբներու ազգային-ազատագրական շարժումները Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ:
Իթթիհատական պարագլուխներու ծրագիրը իրականացնելու նպատակով իշխանութիւնները նախ փորձած են հայերուն զրկել դիմադրելու հնարաւորութենէ: Հայերու ցեղասպանութեան ծրագիրը իրականացուած է 3 հանգրուաններով:
Առաջին` պատերազմի սկիզբը բանակ զօրակոչուած 18-45 տարեկան 60 հազար հայ զինուորները, Սարիղամիշի մօտ թրքական բանակի ջախջախումէն ետք, որպէս քաւութեան նոխազ, զինաթափուած են եւ 1915 փետրուարին Էնվերի հրամանով ոչնչացուած են:
Ցեղասպանութեան երկրորդ հանգրուանը հայ մտաւորականութեան եւ հայութեան կազմակերպող ուժի ձերբակալութիւնն ու ոչնչացումն էր: 1915 ապրիլ 24-ին եւ յաջորդ օրերու Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ձերբակալուած եւ Անատոլիայի խորքերը աքսորուած են մօտ 800 մտաւորականներ. անոնց շարքին էին` Կոմիտասը, գրողներ Գրիգոր Զոհրապը (նաեւ խորհրդարանի երեսփոխան էր), Ռուբէն Սեւակը, Դանիէլ Վարուժանը, Սիամանթոն, Ռուբէն Զարդարեանը եւ շատ ուրիշներ: Մեծ մասը սպաննուած է:
Երրորդ հանգրուանին սկսած է տասնեակ հազարաւոր անպաշտպան կիներու, երեխաներու ու ծերերու զանգուածային տեղահանութիւնը: Որոշ վայրերու մէջ հայ բնակչութիւնը փորձած է դիմադրել:
Իրենց բնակավայրերէն բռնի տեղահանուած հայերը կարաւաններով ուղարկուած են կայսրութեան խորքերը, Միջագետք եւ Սուրիա, ուր անոնց համար ստեղծուած էին յատուկ ճամբարներ: Ճանապարհին անոնք ենթարկուած են թրքական խուժանի ու քրտական աւազակախումբերու յարձակումներուն, եւ` կոտորուած. տեղահանուածներուն չնչին մասը հասած է ճամբարներ:
Հայոց ցեղասպանութեան վերջին արարը 1919-1922 յոյն-թրքական պատերազմի ընթացքին հայերու կոտորածն էր Թուրքիոյ արեւմտեան շրջաններուն մէջ:
Թրքական իշխանութիւններուն իրականացուցած Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով կայսրութեան 2,5 միլիոն հայերէն զոհուած է 1,5 միլիոնը: Շուրջ 800 հազար հայեր գաղթական դարձած եւ ցրուած են աշխարհի տարածքին: Արեւմտեան Հայաստանը զրկուած է իր բնիկ հայ բնակչութենէ:
Կոտորածը շարունակուած է նաեւ հետագայ տարիներուն` տեղափոխուելով դէպի Սուրիա: Հազարաւոր հայեր ոչնչացուած են Ռաս Ուլ Այնի, Տէր Զօրի, Մարկատէի, Շետտատէի եւ այլ սպանդանոցներու մէջ:
Պատմութեան ընթացքին ինչպէս հայերը, նոյնպէս ալ արաբները ճաշակած են Օսմանեան կայսրութեան բարբարոսութիւնը եւ` համաթրքութեան զոհը դարձած. ուստի Մեծ եղեռնի բերած սովի եւ արհաւիրքի օրերը, որուն պատճառով հայը երբ ապաստան գտաւ արաբական, յատկապէս Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին մօտ, ճակատագիրի բերումով անոնք ինքնաբերաբար դարձան հացի եղբայրներ:
Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, սկսելով նախացեղասպանութեան երկու արարներէն, Թուրքիա 8 հոկտեմբեր 1895-ին իր հրէշային ծրագիրը գործադրութեան դրաւ` ջարդելու ամբողջ հայութիւնը: 1896-ին կոտորածը լայն ծաւալ ստացաւ, որուն զոհ գացին մօտաւորապէս 300,000 հայեր:
1908-ի թրքական սահմանադրութենէն ետք հայերը կարծեցին, թէ այլեւս ամէն բան փոխուեցաւ. սակայն 1909-ին սկսաւ Ատանայի ջարդը, որ շուտով տարածուեցաւ Կիլիկիոյ միւս քաղաքներուն մէջ:
Արդարեւ, 1915-1922 Մեծ եղեռնը պատճառ դարձաւ, որ զանազան միջոցներով սպաննուին հայ ազգի զաւակները անխտիր, աշխարհի երեսէն սրբելու համար մարդկութեան պատիւ բերող, բազմազան շնորհքներով օժտուած ազգ մը, սկսելով մտաւորականութենէ, կղերականներէ, բժիշկներէ, գիտնականներէ, ուսուցիչներէ, կուսակցականներէ, քաղաքական եւ դիւանագիտական անձերէ, շարունակուելով ամէնէն համեստ բնակիչէն մինչեւ զինուորականը, արհեստաւորն ու արուեստագէտը եւ ուրիշներ ու ուրիշներ, հասնելով մինչեւ մարզական բնագաւառին ծառայող նուիրեալներուն:
Օսմանեան կայսրութեան մէջ մարզական կեանքի զարգացման եւ հայկական ֆութպոլային խումբերու սկզբնաւորման ժամանակաշրջան կարելի է նկատել 1908 թուականը` Երիտթուրքերու յեղաշրջման հետ կապուած, որովհետեւ սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.-ի օրով մարզանքի տարբեր բնագաւառներով զբաղիլը խստիւ արգիլուած էր օրէնքով եւ ենթակայ` խիստ պատժամիջոցներու: Սակայն, վերոնշեալ արգելքներու վերացումէն ետք, Պոլսոյ, Զմիւռնիոյ եւ կայսրութեան այլ քաղաքներու մէջ ձեւաւորուեցան առաջին հայկական ֆութպոլային խումբերը:
Մասնագիտացած կրթութիւն ստացած առաջին մարզիկները եղած են հայեր` Շաւարշ Քրիսեան (1886-1915), Մկրտիչ Մկրեան, Վահան Չերազ, Հայկ եւ Գրիգոր Ճոլոլեան եղբայրները, Սերովբէ Արեւեան, Սարգիս Թառիկեան եւ այլք: Առաջին մարմնամարզական ակումբներն ու խմբակները հայկական են` «Տորք»:
Հայերը առաջատար եղած են, որ Օսմանեան կայսրութեան եւ քեմալական Թուրքիոյ մէջ մարզական բնագաւառին ծնունդ տուած են մարզական ակումբներու եւ միութիւններ հիմնած` 1904-ին Կ. Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած են «Պալթալիմանի» ֆութպոլի խումբը, Կալաթայի «Սանթրալ» եւ «Գում-Գափու» ակումբները: Օսմանեան սահմանադրութիւնէ յետոյ` 1908-ին, հիմնուած են «Տորք», «Րաֆֆի», «Արաքս», «Արտաւազդ», «Տիտան», «Վահագն», «Պարթեւ» մարզական միութիւնները:
Տեղին է նշել նաեւ այլ մարզական ակումբներ եւ միութիւններ, ինչպէս` «Արծիւ», «Շանթ», «Հայ ՀԲԸՄ Մեսինի» մասնաճիւղի, Տէր Զօրի պատանեկան, Ատանայի «Կիլիկիա», Տարսոնի Ս. Պօղոս վարժարանի ֆութպոլային խումբերը, Հաճնոյ «Համազասպ» մարմնամարզական ակումբի ինքնապաշտպանական խումբը եւ այլ միութիւնները: Ինչպէս նաեւ զանազան մարզական տեսակի երկսեռ մարզիկներ պատրաստած են:
Կարելի է ըսել, որ Կ. Պոլիսէն Վան, Տրապիզոնէն Ատանա հայկական տասնեակ մարզական ակումբներ ու սկաուտական կազմակերպութիւններ հիմնուեցան:
Հայկական մարզական ակումբներն ու մարզիկները նշանակալի աւանդ ունեցած են Օսմանեան կայսրութեան մարզական կեանքի զարգացման պատմութեան մէջ: Հայկական շուրջ 100 մարզական ակումբներ գործած են ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին:
Հետաքրքրական է, որ 1 մայիս 1911-ին կազմակերպուած են առաջին «Հայկական Ողիմպիական խաղեր»-ը (Նաւասարդեան խաղերու օրինակով): Երկրորդը` 20 մայիս 1912-ին: Երրորդը` 16 յունիս 1913-ին, նախագահութեամբ հայ երգի անմահ վարպետ Կոմիտաս վարդապետի, որ նաեւ կը կատարէ խաղերու մրցանակաբաշխումը: Չորրորդ Ողիմպիականը` օգոստոս 1914-ին, կանգ կ՛առնէ Ա. Աշխարհամարտին պատճառով:
1911-1914 թուականներուն յաջորդաբար տեղի ունեցած Ողիմպիական խաղերուն մասնակցած են հայկական մարզական բոլոր ակումբներն ու միութիւնները:
Դարեր շարունակ հայ ազգը Օսմանեան կայսրութեան եւ քեմալական Թուրքիոյ մէջ տուած է հարիւրաւոր անուանի եւ ախոյեան մարզիկներ, որոնք իրենց մարզական բնագաւառներու համապատասխան ախոյեանութիւններու տիրացած եւ իրենց նպաստը բերած են ոչ միայն իրենց ազգակիցներուն, այլ համայն մարդկութեան եւ մասնաւորապէս` Թուրքիոյ: Անոնք ամէն ջանք թափած են իրենց մարզական տաղանդը ցուցաբերելու եւ ամէն հոգուով ախոյեանութիւն ձեռք բերելու:
Անոնց նուիրաբերումն ու ծառայութիւնը սահմաններ չէ ունեցած: Առանց խտրութիւն դնելու պատկանելիութեան:
Անոնք կատարած են իրենց քաղաքացիական եւ մարզական պարտականութիւնները լիովին: Անոնք մնացած են պատնէշի վրայ եւ եղած են լաւագոյն ու փնտռուած մարզիկները` նախանձ արթնցնելով թուրքին մօտ:
Հայ մարզիկները Թուրքիոյ մէջ գործած են իբրեւ օրինաւոր հպատակներ Օսմանեան կայսրութեան, կատարած են իրենց պարտականութիւնները յաչս պետութեան եւ թրքական հայրենիքին, մատուցած են իրենց մարզական ծառայութիւնները:
Անոնցմէ շատերը արժանացած են պետական բարձրագոյն շքանշաններու եւ բարձր պատիւներու` օսմանեան հայրենիքին մատուցած իրենց ծառայութիւններուն զանազան բնագաւառներու մէջ բաւական պատուաբեր արդիւնքներ ձեռք բերած ըլլալնուն համար:
http://www.aztagdaily.com/archives/228932
Leave a Reply