Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Յարդէ պուպրիկներ» ֆիլմը

Մարքօ Խանլեան, Ճան ՄիլանօԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Յարդէ պուպրիկներ» ֆիլմը պատրաստ է. «Ազատութեան» հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին տեղեկացուցած է ֆիլմի հայազգի դերասան Մարքօ Խանլեան, որ Հոլիվուտի մէջ ծանօթ է Մարքօ Խան անունով:

Ծագումով իտալացի ու յոյն բեմադրիչ Ճան Միլանօն յանձն առած է պատմել իր ընկերներու նախնիներուն պատմութիւնը: Երիտասարդ բեմադրիչը կ՛ըսէ, որ իբրեւ ի՛րը կ՛ընդունի հայկական մշակոյթը:
Երկու տարի տեւած ֆիլմի նկարահանումները տեղի ունեցած են Քալիֆորնիոյ Սիմի հովիտին մէջ։
Միլանօ պատմած է նաեւ, որ ինք աշխատած է ստեղծագործական սահմանափակ ազատութեան պայմաններու մէջ: Հիմնականին մէջ, պաստառին փոխադրած է բացառապէս իրական պատմութիւններ: Ֆիլմի աշխատանքներուն միացած է նաեւ գրող Տակլըս Գալայճեանը:
Ֆիլմը պատումն է Լուսին անունով հայուհիի մը կեանքին: 100 տարի առաջ, անոր ծնողները կը յաջողին իրենց միակ դուստրը թաքցնել անտառին մէջ՝ անոր մօտ ձգելով ուտելիք ու յարդէ պուպրիկ մը: Մէկ օր անց, որբացած աղջիկը արդէն կը նետուի իր նոր ու պայքարով լեցուն կեանքին մէջ:
Հոլիվուտեան տասնեակ ֆիլմերու մէջ նկարահանուած հայազգի դերասանը, որ ծանօթ է յատկապէս «Քարիպեանի ծովահէնները», «Երկաթեայ մարդ», «Ք.Ա. 10,000 տարի» ֆիլմերուն ընդմէջէն, ըսած է, որ ֆիլմը բացառիկ է, քանի որ կրցած է յաջողութեամբ դէմ դնել թրքական լոպիական ջանքերուն: Դերասանը կը յիշէ հոլիվուտեան տասնեակ նախագիծեր, որոնք կեանքի չեն կոչուած թրքական ճնշումներուն պատճառով:
«Այս ֆիլմը ինքն իր ուժը ունի եւ իր պատմութիւնը: Այսինքն, իմ կարծիքով՝ բաւական ուժեղ պատմութիւն է, եւ ամէն մարդ իր պատգամը պիտի ստանայ: Ամենամեծը՝ սէրն է եւ ընկերութիւնը», ըսած է Մարքօ Խան:

http://asbarez.com/arm/216626/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ