Թալին Էրկիւնէշ Կազէր՝ թրքական CHP կուսակցութեան թեկնածու

Թալին Էրկիւնէշ-ԿազէրՍ. Յակոբ հիւանդանոցի Հասարակութեան հետ կապերու վարիչ եւ հայ կաթողիկէ համայնքի կառավարիչ Լեւոն Արք. Զէքիեանի արարողակարգի ու հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր դիմում կատարեց թրքական CHP կուսակցութեան մօտ կուսակցապետի իրաւաբաժնի ցանկէն (քոնթէնժան) եւ երեսփոխանական թեկնածուի թեկնածու առաջադրուեցաւ։ Էրկիւնէշ այս նպատակով անցեալ շաբաթ Անգարա մեկնեցաւ եւ յանձնեց իր պաշտօնական դիմումը՝ CHP (հանրապետական) կուսակցութեան ղեկավար խորհուրդին։

Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր շրջանաւարտ եղած է Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի լիսէի բաժնէն եւ Անատոլու համալսարանի զբօսաշրջութեան ու հիւրանոցային վարչագիտութեան ճիւղէն։ Ան ամուսնացած է եւ մայր է զաւկի մը։ Թալին Էրկիւնէշ երկար տարիներ աշխատած է զբօսաշրջութեան մարզէն ներս։ Ան կը տիրապետէ անգլերէն ու իտալերէն լեզուներու։ Ընտրութեան պարագային Թալին Էրկիւնէշ պիտի ըլլար CHP-ի առաջին հայ երեսփոխանը, իսկ Խորհրդարանի՝ առաջին հայ կին երեսփոխանը։
http://horizonweekly.ca/news/details/62815

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ