Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձիդ թղթածրարը իր վերջնական ձեւը կը ստանայ

Սիսի ԿաթողիկոսարանԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Անցած օրերուն, Ժընեւի մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բացուելիք դատով զբաղող յանձնախումբը ունեցաւ իր վերջին նիստը:

Մասնագէտներէ կազմուած յանձնախումբը անցած շուրջ երկու տարիներուն ընթացքին, միշտ վեհափառ հայրապետին ներկայութեամբ հանդիպումներ ունեցած էր, պատրաստելու համար Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջին վերաբերող դատական թղթածրարը:
Յիշեալ թղթածրարը իր վերջնական ձեւը ստացաւ եւ մօտ օրէն պիտի ներկայացուի Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան: Բնականաբար, այս դատը իր էութեամբ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին դատը ըլլալով՝ այս ուղղութեամբ պատահելիք զարգացումներուն մասին տեղեակ պիտի պահենք մեր ժողովուրդը:

http://asbarez.com/arm/215937/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ