Հայկական նոր միութիւն Տերսիմի մէջ

Dersimli Ermeniler«Ակօս».- Պոլսահայ իրականութեան վերջին տարիներու ամենահետաքրքրական զարգացումներէն կարելի է համարել յաջորդաբար հիմնուած հայրենակցական միութիւնները:

Մօտաւորապէս տասը տարուան ժամանակահատուածի մը ընթացքին, կեանքի կոչուեցան Վագըֆլըգիւղի, Տերսիմի, Սասուն-Պիթլիսի, Սասնոյ Աճար գիւղի, Մալաթիոյ եւ Սեբաստիոյ իսթանպուլաբնակ հայերու հիմնած հայրենակցական միութիւնները: Նշենք, որ Արաբկիրի եւ Պուրունքըշլայի նման կարգ մը գաւառներու պոլսաբնակ հայեր եւս, պաշտօնապէս միութեան վերածուած չըլլալով հանդերձ, կազմակերպեալ աշխատանք կը ծաւալեն՝ իրենց երբեմնի հայրենի սովորութիւնները վառ պահելու եւ համաքաղաքացիներուն միջեւ զօրակցութիւն գոյացնելու նպատակաւ:
Այս հոսանքէն ետք, վերջերս ծայր առած է նոր շարժում մը եւս, որ իր կարգին կը թելադրէ նոր խորհրդածութիւններ: Այժմ, կրօնափոխ եղած գաւառի հայութիւնը եւս կը դիմէ միութիւններ հիմնելու գործընթացին՝ անցեալի իր ինքնութիւնը վերյիշելու եւ հետզհետէ վերակերտելու միտումով: Այս շրջագիծով, առաջին օրինակը հանդիսացաւ Մուշ քաղաքի եւ շրջակայքի բնակիչ կրօնափոխ հայերու կողմէ հիմնուած «Տարօն» հայրենակցական միութիւնը: Անիկա վերջերս կատարեց իր անդրանիկ համագումարը եւ ճշդեց վարչական խորհուրդը:
Այժմ նման աշխատանք մը ձեւաւորուած է Տերսիմի մէջ: Պոլսաբնակ տերսիմցի հայերու հիմնած հայրենակցական միութենէն ետք, ներկայիս Տերսիմ բնակող հայերը եւս կազմեցին իրենց անջատ միութիւնը՝ «Տերսիմի հայոց եւ ալաւիներու բարեկամութեան միութիւն» անունով: Օրինական հիմնադրութիւնը կատարած նախաձեռնարկ մարմինին անունով «Ակօս»ի խմբագրութիւն այցելող Սերքան Սարիաթաշ յայտնեց, որ այժմ կը շարունակեն անդամագրութիւնը, եւ որոշ թիւի մը հասնելէ ետք՝ պիտի կատարեն համագումար եւ պիտի ընտրեն վարչութիւնը:
Մինչ այդ, նախաձեռնարկ կազմը արդէն սկսած է որոշ գործունէութեանց: «Առաջին հերթին սկսանք հայերէնի դասաւանդութեան: Նախկին իսթանպուլաբնակ, այժմ Հայաստան հաստատուած Տիրան Լոքմակէօզեանը Տերսիմ ժամանեց եւ սկսաւ դասաւանդութեանց: Առաջին հերթին, ունինք տասնհինգ աշակերտներ, որոնց թիւը շուտով կ՛աւելնայ: 16-20 ապրիլին, Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Տերսիմի ֆիլմերու ցուցադրութիւն։ Նկարահանուած են Տերսիմի աշխարհագրութիւնը, ազգագրութիւնը եւ պատմութիւնը պատմող բազմաթիւ վաւերագրական, գեղարուեստական եւ կարճամեթրաժ ֆիլմեր, որոնցմէ կազմուած ընտրանիով մը պիտի ներկայանանք Հայաստանի հասարակութեան: Բացի ատկէ, Տերսիմի շրջակայքի գիւղապետներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը Հայաստան պիտի այցելէ եւ շփումներ պիտի ունենայ շրջանային վարիչներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ», ըսաւ Սարիաթաշ։
Իսկապէս հետաքրքրական եւ ոգեւորիչ են ատենապետ Սերքան Սարիաթաշի յայտարարութիւնները, որոնք ինքնաբերաբար պիտի արժանանան հայ ժողովուրդի ներկայ մարտահրաւէրներուն մասին միտք տանջող զանազան շրջանակներու ուշադրութեանց:

http://asbarez.com/arm/215821/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ