Լոս Անճջելըս չեղեալ համարեց 845 հազար տոլարի պայմանագիրը Թուրքիոյ վարձու լոպիական ընկերութեան հետ

Յարութ Սասունեան«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.
Անցեալ տարի օգոստոսին իմ գրած խմբագրականիս մէջ նախազգուշացուցած էի, որ ամերիկահայ համայնքը եւ բարի կամքի տէր բոլոր մարդիկ կը պոյքոթեն «Էնհայզըր պուշ», «Պոինկ», «Շեւրոն», «Էնթըրփրայս ռենթ է քար», «Ճենըրըլ էլեքթրիք», «Կոլտմըն սաքս», «Կուկլ», Լոս Անճելըսի օդակայան, Ֆութպոլի ազգային լիկայ, Օքլընտի նաւահանգիստ եւ «Եունայթըտ էյրլայնս» ընկերութիւններու ապրանքներն ու ծառայութիւնները, եթէ անոնք չեղեալ չհամարեն իրենց պայմանագիրները Թուրքիոյ տխրահռչակ լոպիական վարձու ընկերութիւններէն մէկուն` «Կեպհարթ կրուփ»-ի հետ:
Ճակատագրի հեգնանքով, Ներկայացուցիչներու պալատի մեծամասնութեան նախկին ղեկավար Տիք Կեպհարթ Քոնկրեսին մէջ իր երկարատեւ գործունէութեան ընթացքին պայքարած է ի նպաստ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: Սակայն պաշտօնաթողութենէն շատ չանցած, ան դարձաւ հայկական հարցերու մոլի հակառակորդ` փող աշխատելով Հայոց ցեղասպանութեան թուրքական ժխտումներէն: ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութեան փաստաթուղթերը կը բացայայտեն, որ «Կեպհարտ կրուփ»-ին վճարուած է տարեկան 1.4 միլիոն տոլար` Թուրքիոյ շահերը Ուաշինկթընի մէջ առաջ քաշելու համար:
Ըստ «Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրման մասին» օրէնքին` Արդարադատութեան նախարարութիւն «Կեպհարտ կրուփ»-ի ներկայացուցած փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ Կեպհարտը եւ անոր գործընկերները անցեալ տարի հանդիպումներ ունեցած են Ներկայացուցիչներու պալատի եւ Ծերակոյտի տասնեակ անդամներու հետ` աշխատանքներ տանելով ընդդէմ. 1) Քոնկրեսի բանաձեւերու` Հայոց ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ քրիստոնեկան եկեղեցիները վերադարձնելու վերաբերեալ, եւ 2) բացայայտումներու, թէ Թուրքիա աջակցած է իսլամական ճիհատականներուն` Սուրիոյ հայաբնակ Քեսաբ քաղաք անոնց ներխուժման ժամանակ:
Աւելի նողկալի է, որ Արդարադատութեան նախարարութեան փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, թէ ինչպէս 2014 թուականի Ապրիլ 24-ի նախօրէին Կեպհարտի գործընկեր Ճանիս Օ՛քանըլը կապ հաստատած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմի ղեկավար Պրայն Մաքքէընի եւ ԱԳ նախարարի օրէնսդրական հարցերով տեղակալի օգնական Չատ Քրայքեմիըրի հետ, որպէսզի ձեւափոխէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ նախագահ Օպամայի ամենամեայ յայտարարութիւնը` Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի խեղաթիւրուած եւ կեղծաւոր ներողութենէն ետք, որ ան յայտնած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներու բոլոր զոհերուն համար:
Արդարադատութեան նախարարութեան փաստաթուղթերը նաեւ կը բացայայտեն, որ Կեպհարտը եւ Օքանըլը՛ 3 Մարտ 2014-ին «Թրքական օդուղիներով» մեկնած են Սթամպուլ եւ Անգարա` Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խորհրդականի հետ հանդիպելու նպատակով: Կեպհարտը Սթամպուլ եւ Անգարա մեկնած է Փարիզէն, երթուդարձի համար ծախսելով 1513 տոլար, իսկ Օքանըլը՛ Սթամպուլ եւ Անգարա մեկնած է Ուաշինկթընէն` ծախսելով 6986 տոլար երթուդարձի համար: Երկու լոպիստները երեք օր գիշերած են Սթամպուլի «Կանրատ» հիւրանոցին մէջ, եւ իւրաքանչիւրին ծախսը կազմած է 710 տոլար: Թուրքիոյ մէջ եղած ժամանակ անոնք ծախսած են 600 տոլար լիմուզիններու ծառայութեան վրայ:
Անցեալ ամիս Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Ամերիկայի հայկական համագումարը եւ Հայ երիտասարդական միութիւնը (Արեւելեան եւ Արեւմտեան ԱՄՆ) աւելի քան 200 նամակ ուղարկած են «Կեպհարտ կրուփ»-ին եւ Թուրքիոյ համար աշխատող չորս այլ լոպիական ընկերութիւններու` «Տիքսթէյն շափիրօ» ՍՊԸ-ի, «Կրինպըրկ թրորիկ», «Ալփայթակ» եւ «Միջազգային ԼՊ» յաճախորդ հանդիսացող գործարարներուն, համալսարաններուն եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն: Նման նամակով մը անոնք խնդրած են «Եունայթըտ էյրլայնս»-էն պահանջել լոպիական ընկերութենէն դադրեցնել իր պայմանագիրը Թուրքիոյ կառավարութեան հետ, հակառակ պարագային օդանաւային ընկերութիւնը պէտք է խզէ իր պայմանագիրը լոպիական ընկերութեան հետ: Եթէ մինչեւ Փետրուար 28-ը ոչ մէկ գործողութիւն ձեռնակուի` ամերիկահայերը պէտք է բողոքի ցոյց կատարեն ինչպէս լոպիական ընկերութեան, այնպէս ալ «Եունայթըտ էյրլայնս»-ի դէմ:
Թուրքիոյ լոպիական ընկերութիւններուն հակազդելու ջանքերը տուին իրենց առաջին պտուղները: Փետրուար 23-ին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց, որ Լոս Անճելըսի «Միջազգային օդակայանները» [LAWA], որ ամբողջութեամբ կը պատկանի Լոս Անճելըս քաղաքին, որոշած է խզել իր 845 հազար տոլարի պայմանագիրը «Կեպհարտ կրուփ»-ին հետ, անկէ ետք, երբ անցեալ տարուան Դեկտեմբերին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրած է քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիին` «վերջ դնել Լոս Անճելըս քաղաքի եւ Տիք Կեպհարտի միջեւ եղած բոլոր կապերուն»:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեանը ողջունեց «LAWA-ի եւ Լոս Անճելըս քաղաքի պաշտօնատար անձերու` զերօ հադուրժողականութեան քաղաքականութիւն ցուցաբերելու սկզբունքային դիրքորոշման համար ընդդէմ ցեղասպանութեան ժխտողականութեան: LAWA-ի որոշումը կ՛արտացոլացնէ ճիշտ կառավարման ամենաբարձր չափանիշները եւ աւելի կ՛ամրապնդէ Լոս Անճելըսի` պետական եւ միջազգային առաջնորդ հպարտ դիրքորոշումը ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով: Որպէս ցեղասպանութիւնը ժխտող անձ` Կեպհարտը արժանի չէ Լոս Անճելըսի բնակիչներու նոյնիսկ մէկ տոլարին, եւ պէտք չէ որեւէ կապ ունենայ մեր քաղաքին հետ»:

Ըստ Արեմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ձեռք բերած փաստաթուղթերուն` ««Կեպհարդ կրուփ» ընկերութիւնը «845 հազար տոլարի պայմանագիր մը ունեցած LAWA-ի հետ, որուն շուրջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է 2012-ին Լոս Անճելըսի նախկին քաղաքապետ Անթոնիօ Վիլարէյկոսայի պաշտօնավարութեան ժամանակ: LAWA-ի հետ պայմանագրի հաստատումէն ետք, «Կեպհարտ կրուփ»-ը կը ստանար ամսական աւելի քան 23 հազար տոլար վարձատրութիւն իր աշխատանքին դիմաց օդակայանի համար, միաժամանակ ներկայացնելով Թուրքիոյ կառավարութեան շահերն ընդդէմ ամերիկահայ համայնքի շահերուն»:
Այս առաջին խոշոր յաղթանակէն ետք ամերիկահայերը պէտք է շարունակեն կոչ ընել մնացած 200 ընկերութիւններուն` «Կեպհարտ կրուփ»-ի եւ Թուրքիոյ կողմէ վարձու այլ լոպիական ընկերութիւններու յաճախորդներուն` խզել իրենց պայմանագիրները, քանի որ ցեղասպանութեան ժխտողները վարձելը թէ անբարոյական է, թէ վատ պիզնեսի որոշում…

Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը
http://www.yerakouyn.com/?p=73579

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ