«Ես կը պահանջեմ իմ տունս».Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած շարժում

I DEMAND MY HOMEՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը կը տեղեկացնէ, որ յունուար 2015-էն սկսեալ սկիզբ առած է ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն շարքը. միջազգային խորհրաժողովներ, բաց սեմինարներ, հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ` համացանցի միջոցով տեսահոլովակներու, լուսանկարներու տարածում:
Քարոզչական ծրագիրներէն է նաեւ Ֆէյսպուք ընկերային ցանցին վրայ մեկնարկած ձեռնարկը, որուն ընթացքին բոլորը կը փոխեն իրենց յետնանկարը` փոխարէնը տեղադրելով միութեան էջին մէջ զետեղուած նկարները, որոնց մէջ անգլերէնով գրուած է` «Ես կը պահանջեմ իմ տունս», կից` քաղաքի կամ գիւղի անունը:
Օրինակ` «I DEMAND MY HOME IN VAN…»: Բոլոր անոնք, որոնք կը ցանկանան միանալ այս շարժումին, կրնան նկարներու օրինակները վերցնել ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան Facebook-ի էջէն:
Իսկ եթէ կան քաղաքներ կամ գիւղեր, որոնք նշուած չեն նկարներուն մէջ, կրնաք այդ մասին տեղեկացնել էջի պատասխանտուներուն:
http://www.yerakouyn.com/?p=73428

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ