Տինքի ընտանիքի փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլուն դիմած է Սթամպուլի հանրապետական դատախազութիւն` պահանջելով Հրանդի սպանութեան գործով հարցաքննել եւս մէկ պաշտօնեայ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով Սթամպուլի հայկական «Ակօս» պարբերականը, փաստաբանը պահանջած է հարցաքննել սպանութեան կատարման ժամանակ Տրապիզոնի հետախուզական բաժնի պետի պաշտօնը զբաղեցուցած Էնկին Տինչը:
Պաքըրճըօղլուի համոզմամբ` Տինչը համապատասխան քայլեր չէ ձեռնարկած յանցագործութիւնը կանխելու նպատակով:
Սթամպուլի «Ակօս» թերթի հայազգի խմբագրապետ Հրանդ Տինք սպաննուած է 19 Յունուար 2007-¬ին` խմբագրութեան առջեւ զինուած յարձակման արդիւնքով:
17 Յունուար 2012-¬ին դատարանի որոշումով Տինքի սպանութեան կազմակերպիչ Եասին Հայալը ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, յանցագործութիւնը իրականացրած Օկիւն Սամասթը` 22 տարուան ազատազրկման:
2014 թուականի Հոկտեմբերին Սթամպուլի ծանր յանցագործութիւններու գործերով 5-¬րդ դատարանը որոշում կայացուց Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութիւնը սկսիլ զերոյէն:
Այս անգամ բոլոր ամբաստանեալներուն կ’առաջադրուի «յանցաւոր խմբաւորման ստեղծման եւ կառավարման կամ անոր մէջ մասնակցութիւն ունենալու» մեղադրանք: Բացի այդ, Տինքի սպանութեան ժամանակ բարձր պաշտօններ զբաղեցուցած 9 անձեր, որոնց շարքին` Սթամպուլի նախկին ոստիկանապետ Ճալալեթթին Ճերրահի նկատմամբ դատական գործեր յարուցելու համար որշումներ ընդունուած են:
http://www.yerakouyn.com/?p=73008

Տինքի ընտանիքը կը պահանջէ հարցաքննել Տրապիզոնի հետախուզական բաժնի նախկին պետը
•
Leave a Reply