Սուճեաններու ընտանիքին պատկանող հողատարածքներու վերադարձին համար սկսած իրաւական պայքարը ընթացք առած է: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով թրքական Demokrathaber.net-ը, թրքական դատարանը ընդունած է Զուարթ Սուճեանի փաստաբաններու ներկայացուցած պահանջները եւ ընթացք տուած է տարածքին հետ կապուած դատական գործընթացին: Յառաջիկայ օրերուն դատարանը պիտի հաւաքէ եւ ուսումնասիրէ Սուճեան ընտանիքին կողմէ պահանջուող տարածքներու սեփականութեան փաստաթուղթերը եւ փաստաբաններուն ներկայացուցած նիւթերը, որմէ ետք պիտի սկսի քննութիւնը:
Փաստաբանները յատկապէս ուշադրութիւն կը հրաւիրեն այն փաստին վրայ, որ 1963 թուականին Սուճեաններուն պատկանող տարածքներուն տիրանալու համար կալուածագրական դատարանին դիմած թուրք գիւղացիներու պահանջքը մերժուած էր: Դատարանը իր որոշումը պատճառաբանած էր անով, որ 40 տարի առաջ տարածքի սեփականատէրը դարձած էր պետական գանձարանը: Զուարթ Սուճեանի փաստաբանները դատարանին ներկայացուցած են նաեւ կալուածագրական դատարանի այս որոշումը ներկայացնող փաստաթուղթերը:
Սուճեաններու կողմէ պահանջուող տարածքները ներկայիս կը գտնուին Թուրքիոյ Տիարպեքիր եւ Պաթման շրջաններուն մէջ: Անոնց վրայ կառուցուած է Տիարպեքիրի օդակայանը:
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» պարբերականի խմբագիր Յարութ Սասունեան խօսած էր 94¬ամեայ տիկին Սուճեանի հետ, որ կը բնակի Նիւ Եորք: Ան պատմած էր, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, բռնագաղթելով Տիարպեքիրէն, անոր ընտանիքը սկիզբը տեղափոխուած է Լիբանան, այնուհետեւ Քուպա եւ վերջապէս հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ:
1967-ին Սուճեան ընտանիքի կալուածքը բռնագրաւուած է թրքական կառավարութեան կողմէ` տեղական թերթի մը մէջ յայտարարութիւն տեղադրելէ եւ սեփականատէրերուն չգտնելու մասին պնդումներ ընելէ ետք: Քանի մը տարի առաջ Սուճեանի փաստաբան Ալի Էլպէյօղլուն անոր անունէն հայց ներկայացուցած է Թուրքիոյ մէջ` ձգտելով վերադարձնել անոր ժառանգութիւնը: 2013-ի Ապրիլին դատարանը մերժած է անոր պահանջքը` պնդելով, որ 10-¬ամեայ վաղեմութեան ժամկէտը անցած է: Վերաքննիչ դատարանը բեկանեց ստորին ատեանի որոշումը եւ պահանջեց գործը վերաքննել, հիմնաւորելով, որ Սուճեանը կրնար տեղեակ չըլլալ Տիարպեքիրի տեղական թերթին մէջ տեղադրուած իրաւական յայտարարութեան մասին գոյքի բռնագրաւումէն առաջ: Դատարանը յայտարարեց, որ ան առնուազն պէտք է տեղադրուէր ամբողջ երկրին մէջ լայն տարածում ունեցող թրքական թերթի մը մէջ: Փաստաբան Էլպէյօղլուն պարզաբանած էր, որ Սուճեանի կալուածքի բռնագրաւումը մասնաւոր սեփականութեան իրաւունքի խախտում է, ինչպէս սահմանուած է Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնական ազատութիւններու եւրոպական պայմանագիրով:
http://www.yerakouyn.com/?p=73146

Թրքական դատարանն ընթացք տուած է Զուարթ Սուճեանին տարածքի վերադարձի դատական գործընթացին
•
Leave a Reply