Հեռախօսային արձանագրութիւններ կ՛ապացուցեն Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը Քեսապի վրայ յարձակումին

Kesap 1ԱՆԳԱՐԱ, «Ալ-Մոնիթըր».- Թուրքիոյ մէջ Իսլամական Խալիֆայութեան զինեալներու դէմ դատավարութեան ընթացքին ներկայացուած ապացոյցներու շարքին, բացայայտուած են հեռախօսային արձանագրութիւններ, որոնք յստակ կը դարձնեն Թուրքիոյ զինեալ ուժերու մասնակցութիւնը Քեսապի վրայ շղթայազերծուած յարձակումին:
Սոյն արձանագրութիւններէն ի յայտ կու գայ, որ Թուրքիա ոչ միայն զէնք եւ զինամթերք մատակարարելով օգնած է Իսլամ ծայրահեղականներուն, այլեւ ուղղակի թնթանօթներով հարուածած է Քեսապի վրայ յարձակողներու մատնանշած սուրիական բանակի տեղերը նշող թիրախներ:
Դատական արձանագրութիւնները ձեռք ձգած է «Ջումհուրիէթ» թերթի լրագրող Ահմէտ Սիքը:
http://asbarez.com/arm/215403/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ