Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման արձանագրութիւնները յետս կոչելը «ճիշդ ուղղութեամբ քայլ» կը նկատէ:
Հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան յայտնեց, որ յաջորդ տրամաբանական քայլը պէտք է դառնայ արձանագրութիւններէն ստորագրութիւնները յետս կոչելը:
«Ինչպէս մենք կ՛ընդգծէինք 2009 թուականին, եւ ինչպէս պարզ դարձաւ այսօր, Հայաստան երբեք պէտք չէ միակողմանի համաձայնագիրներ ստորագրէ», յայտարարեց Համբարեան:
Ըստ անոր, հակառակ Թուրքիոյ ակնյայտ սուտին եւ անվերջ խուսանաւումներուն, այդ խեղկատակութիւնը շատ երկար շարունակուեցաւ: Համբարեան կը կարծէ, որ հակառակ Անգարայի բոլոր ջանքերուն` հայ ժողովուրդը, Հայաստանի ժողովուրդը եւ սփիւռքը նախկինին պէս միասնական են Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ արդարութեան հասնելու ճամբուն:
http://www.aztagdaily.com/archives/227272

Համբարեան. «Արձանագրութիւնները յետս կոչելը ճիշդ քայլ է»
•
Վերջին Յաւելումներ
- Սոցհարցում Թուրքիայում. ԱԶԿ-ն պարտվում է, իսկ Էրդողանը դժվար կացության մեջ է
- 2024-ին մահացած երեք Դպրեվանքցիներ պիտի յիշատակուի Փարիզի մէջ
- Ստամբուլի նախկին քաղաքապետին սպառնում է 2352 տարվա ազատազրկում



Leave a Reply