Վերապրողները կը վանկարկեն, որ ապրողները ու նահատակները կոտորածներու վկաներն են

Քենէ Ֆատո«ALL NEWS» արաբական կայքէջին մէջ Մուհանատ Էլ Հաճ Ալին գրած է պատմութիւնը 104-ամեայ կնոջ մը` սուրիացի փախստական Քենէ Ֆատոյի, որ այժմ կը գտնուի Իրաքի «Տոմիզ» քրտական ջամբարին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Hayernaysor.am-ը։
Յոյն լուսանկարիչ Եասոն Ադանասիաս, պատմութիւնը լուսանկարած ու գրի առած է: Քենէ Ֆատօ եղած է հայ քրիստոնեայ, երբ կրցած է 1915թ. ցեղասպանութենէն փրկուիլ եւ հասնիլ սուրիական Հասիչէ նահանգ, միայնակ դիմակայելով փշոտ ճանապարհի դժուարութիւնները անցած է բազմաթիւ քիլոմեթրեր մինչեւ հասած է յիշեալ նահանգը:
Սուրիական այդ քրտաբնակ նահանգին մէջ, քիւրտ իսլամ ընտանիք մը որդեգրած է Քենէ Ֆանոն, որ ապրած է թշուառ օրեր, սուրիական արիւնոտ յեղափոխութիւնը, հակամարտութիւնները ստիպած են Քենէի որդիին գաղթել, ան ռմբակոծութիւններէն փախչելով, մայրը կռնակին շալկած քալած է մինչեւ քրտական ջամբար, անցնելով իր նախնիներու գաղթի ճանապարհէն.. Անոնք ապահով տեղ կը հասնին, բայց արդէն գաղթերէն զայրացած՝ ըլլան օսմանական թէ սուրիական, Քենէ ամէն օր տուն վերադառնալ կ’ուզէ, այս մասին յոյն լուսանկարիչին պատմածէ անոր որդին, յայտնելով որ իր մայրը մէկ դար տաժանագին կեանք ունենալէ ետք, ճակատագիրը այնպէս եղած է, որ կեանքի վերջին տարիներն ալ ան դարձեալ ապրի փախստականի կարգավիճակով եւ ջամբարի մէջ:
Յոյն Եասոն նկարագրած է, ըսելով, որ այս կինը կը ներկայացնէ 3 ժողովուդներու 20 եւ 21-րդ դարերու տառապանքները, ան հայուհի ըլլլալով, կը խօսի քրտերէն եւ Սուրիոյ քաղաքացի է, ամբողջ դար մը ապրած է չաչարանքով լի կեանք մը, որ սկսած է Հայոց Ցեղասպանութեամբ, անցնելով քրտական մեկուսացումով, եւ այսօր կ’ապրի քրտական «Տոմիզ» ջամբարին մէջ: Կեանքը սկսաւ եւ կ’աւարտէ արտաքսմամբ եւ կողոպուտով:
Եասոն պատմութեան աւարտին գրած է, «Վերապրողները կը վանկարկեն, որ ապրողներն ու նահատակները կոտորածներու վկաներն են»:
http://www.yerakouyn.com/?p=72603

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ