ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի-Արմէնիա».- Հայ-թրքական սահմանը կրնար բացուիլ, եթէ Ատրպէյճանին վերադարձուէր գոնէ մէկ շրջան. յայտարարած է Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուն, ըստ «ՌԻԱ Նովոստի» մամլոյ գործակալութեան:
«Եթէ հայերը հեռանային գոնէ մէկ շրջանէ, ապա սահմանը կրնար բացուիլ», յայտարարած է Տաւութօղլուն՝ Անգարայի մէջ ոչ մահմետական կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու առաջնորդներու հետ հանդիպման ժամանակ, «Հապէր Թուրք» հեռատեսլի կայանին համաձայն: Սոյն հանդիպման մասին «Ասպարէզ» մանրամասնօրէն տեղեկագրած էր իր երէկուան թիւին մէջ:
http://asbarez.com/arm/215050/

Թուրքիոյ վարչապետը կը հրապարակէ Հայաստանի հետ սահմանի բացման պայմանները
•
Վերջին Յաւելումներ
- Քոնկրեսի շէնքին մէջ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը տեղի պիտի ունենայ 15 ապրիլին
- Թուրքիան աշխարհում ամենաշատ զենք ունեցող երկրների 10-յակում է
- Հայ դատի 60-ամեակ — բացառիկ հատորի մը հրատարակութեան առիթով



Leave a Reply