Կը վերանորոգուի Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւնը

Մալաթիոյ Ս. ԵրրորդութիւնըԹուրքիոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան 21 յունուարին, Իսթանպուլաբնակ մալաթիացիներու հայրենակցական միութեան Բ. ատենապետ Սարգիս Չիզմէճիի եւ անդամներէն Գէորգ Էօզգարակէօզի ու Սերտար Պոյաճըի ընկերակցութեամբ այցելած է Մալաթիա: Արամ սրբազան յատուկ այցելութիւն մըն ալ տուած է քաղաքի կուսակալ Սիւլէյման Քամչըի:
Ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ յունիս ամսուան մէջ կը սկսի քաղաքի «Թաշխորան» անունով ծանօթ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը: Պատուիրակութիւնը Մալաթիա կեցութեան շրջանին այցելած էր նաեւ քաղաքի «Վենք» (Վանք-Ակունքի խմբ.) կոչուած մատուռը, ուր արդէն կը շարունակուէին գրեթէ աւարտին հասած վերանորոգման աշխատանքները:
Սրբազանը եւ իր ընկերակիցները հոգեհանգիստի կարգ կատարեցին Մալաթիոյ հայոց գերեզմանատան նորակառոյց մատրան մէջ: Այս արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ մալաթիացի սակաւաթիւ հայերու կողքին՝ Էլազըղէն (Խարբերդ-Ակունքի խմբ.) ժամանած հայերու 15 հոգինոց խումբ մը: Վերանորոգման ծախսերը պիտի ապահովուին Մալաթիոյ կուսակալութեան կողմէ: Վերաշինութեան նախագիծը պիտի պատրաստեն Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ Կարպիս Էւեափան:

http://asbarez.com/arm/215045/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ