Իտալիոյ Ծերակոյտը Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը վաւերացուց

Իտալիոյ ԾերակոյտըԻտալիոյ Ծերակոյտը Հրէական Ողջակիզման ու այլ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը վաւերացուցած է:
Ըստ թրքական «Սէօզչու» թերթին՝ օրինագիծը պէտք է նաեւ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուի ու հանրապետութեան նախագահին կողմէ ստորագրուի, օրէնքի վերածուելու համար։
Կարգ մը թրքական լրատուամիջոցներ այս քայլը կը բնութագրեն իբրեւ Թուրքիան զայրացնելու համար առնուած քայլ։
Սոյն օրինագիծով կը նախատեսուի մինչեւ 3 տարի ազատազրկում եւ 10 հազար եուրոյի տուգանք այն անձերուն համար, որոնք ցեղասպանութիւնները, ռազմական եւ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները կը ժխտեն կամ կը նուաստացնեն:

http://asbarez.com/arm/214933/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ