Ցեղասպանութեան հարցին պատճառով ԵՄ-Թուրքիա նիստ մը ջնջուած է

Türkiye-ABԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիա-Եւրոմիութիւն խորհրդարանական յանձնաժողովի հերթական նիստին ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին քննարկման ներառումը դարձեալ սրած է Անգարայի ու Պրիւքսէլի միջեւ լարուածութիւնը, եւ անոր հետեւանքով՝ Անգարա ջնջած է փետրուար 18-19ին կայանալիք Թուրքիա-ԵՄ խորհրդարանական յանձնաժողովի նիստը: Անգարան իր այս քայլը բնութագրած է իբրեւ «դիւանագիտական պատասխան»՝ Թուրքիոյ մասին Եւրոմիութեան զեկոյցին ուղղուած:
Եւրոխորհրդարանին մէջ, Քրիստոնեայ ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ռենաթ Սոմեր նշած է, որ հանդիպումը վերջին պահուն ջնջելու Թուրքիոյ արարքը «անհասկնալի կեցուածք» է: Սոմեր խստօրէն քննադատած է Թուրքիան ու նշած, որ կառավարութեան այդ որոշումը հաւանաբար կապուած է նաեւ եւրոպացի պատգամաւորներու կողմէ Թուրքիոյ կառավարութեան ուղղուած խիստ քննադատութիւններուն, յատկապէս՝ մամլոյ ազատութեան եւ Կիպրոսի հարցին առնչութեամբ:
http://asbarez.com/arm/214794/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ