Ինչպէ՞ս ձեռք անցուցինք 1915-ի Հայկական ջարդերու ժապաւէնները

1915-ի Հայկական ջարդերՍտորեւ տրուած յօդուածը լոյս տեսած է աւելի քան կէս դար առաջ։ Զայն կը վերահրատակենք գլխաւորաբար այն պատճառով, որ անիկա կը հաստատէ հայկական կոտորածներու մասին վաւերագրական ժապաւէններու գոյութիւնը։Վահրամ Ս. Փափազեան անունով հայ մարզիկ մը (կը կրէ հայ մեծ դերասանին անուն-մականունը) Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ամերիկացի լրագրող Հերթիէն պատահմամբ կը լսէ, թէ գերմանացի զինուորականները կոտորածներու բազմաթիւ տեսարաններ նկարահանած են, որոնց ժապաւէնները կը գտնուին «Պայազետ» ռազմական մթերանոցին մէջ։ Պատմութիւնը ներկայացուած է Վահրամ Ս. Փափազեանի «Սէր, սէր, սէր» ինքնակենսագրական գիրքին մէջ, որ լոյս տեսած է 1962-ին, Պէյրութ։

«Տեսարանը հազիւ երկու տարեկան եւ մօրը ձեռքէն խլուած աղջիկ-երեխայի մը բռնաբարումը կը ներկայացնէր, միաժամանակ երկու ոճրագործ թուրքերու կողմէ»

Առաջին Աշխարհամարտի զինադադարէն ետք, Պոլսոյ մէջ կազմուեցաւ բարձրագոյն դաստիարակութիւն ստացած երիտասարդական անկախ միութիւն մը, որուն ես եւս կ՚անդամակցէի։ Միութեան նպատակն էր ամէն միջոցով աջակցիլ Հայկական Դատի հետապնդման, օտար շրջանակներու մօտ ընելով մասնաւոր դիմումներ եւ լուսաբանել Հայկական Հարցով հետաքրքրուող դիւանագէտներն ու լրագրողները։

Այդ օրերուն յիշեալ միութիւնը կապ հաստատած էր նաեւ անգլիացի Լորտ Ճէյմս Պրայսի հետ, Հայկական Դատի առընչութեամբ։ Լորտը, հայ ազգին իր կարելի օժանդակութիւնը ընելու համար, հայկական կոտորածին շուրջ փաստացի վաւերաթուղթերը կ՚ուզէր ունենալ, խնդրելով միաժամանակ, որ անոնք անմիջապէս իրեն ղրկուէին։

Այդ շրջանին Պոլիս կը գտնուէր ամերիկացի թղթակից մը՝ Հերթի անունով։ Իր թղթակիցի հանգամանքով եւ հետաքրքրութիւնով՝ Պոլսոյ մէջ ան կապ հաստատած էր կարգ մը թուրք շրջանակներու հետ, մանաւանդ զինուորական։ Մենք առաջին անգամ ըլլալով իրմէ՛ տեղեկացանք, թէ հայկական կոտորածի ընթացքին, գերման զինուորական իշխանութիւնները ջարդի բազմաթիւ շարժապատկերներ (ֆիլմ) առած էին եւ որոնք ներկայիս կը գտնուէին Պայազիտի զինուորական մթերանոցներուն մէջ։ Գերմանացիները կա՛մ մոռցած էին զանոնք իրենց հետ տանիլ եւ կամ ալ այլեւս անոնց անհրաժեշտութիւնը չէին զգացած…

Պր. Հերթի մեզ բացատրեց, թէ ինք ինչպէ՞ս բարեկամութիւն հաստատած էր Վոսփորի նեղուցները պաշտպանող մէկ բերդի բարձրաստիճան թուրք հրամատարին հետ, որ իրեն խոստացած էր վերադարձնելու պայմանով հայթայթել կարգ մը շարժապատկերներ՝ թուրքերու հանդէպ հայերու կողմէ գործուած խժդժութիւնները փաստող…

Ամերիկացին, իր արտայայտութիւններուն մէջ, տեսակ մը չափազանցեալ հայասէր կը թուէր մեզի եւ պահ մը սկսանք տարակուսիլ անոր անկեղծութեան վրայ, վախնալով որ լարուած ծուղակի մը մէջ կ՚իյնանք։ Դիւանագիտութիւնը ո՞ւր, մենք ո՛ւր…։ Սկսնակներ էինք եւ պարզապէ՛ս հրապարակ նետուած՝ մեր ազգին օգտակար ըլլալու միա՛կ մտադրութեամբ։

Բարեբախտաբար, մեր ատենապետը ժամանակին Ատանայի մէջ գտնուած ըլլալով, բաւական նպաստաւոր տեղեկութիւններ ունէր «հայու բարեկամ» ներկայացող օտարականին մասին եւ յանո՛ւն մեր նպատակին անհրաժեշտութեան եւ սրբութեան՝ որոշեցինք նոյնիսկ հակառակ պարագային մեր անձերը զոհել եւ սկսանք լուրջ խորհրդակցութիւններու։Մենք այն հաստատ համոզումը ունէինք, որ նո՛յն այդ շարժապատկերները ոչ թէ հայկական, այլ՝ թրքական խժդժութիւնները կը ներկայացնէին, գործուա՛ծ հայ անտէր ազգին հանդէպ։

Մենք ամերիկացիին բացատրեցինք, թէ այն պարագային, որ մեզի պէս կոտորակուած ազգի մը իրական ծառայութիւն մը ընել կ՚ուզէ, լաւագոյն պիտի ըլլար, որ այդ ժապաւէնները ըլլան մե՛ր ընտրութեամբը եւ ոչ թէ թուրք սպայինը։ Ան թերեւս նախընտրէր տալ անորոշ, տարտամ ժապաւէններ, ուր հաւանաբար դժուար պիտի ըլլար հայ կամ թուրք չարագործը զանազանել եւ թուրք ոճրագործը իբր հայ ներկայացուէր։

Թղթակիցը մեր տեսակէտին համաձայն գտնուեցաւ եւ մեր ծրագրին գործադրութեան եւ յաջողութեան շուրջ սկսանք ծրագիր մը կազմել։Համոզուած՝ թէ ինքը թուրք հոգեբանութեան բացարձակապէս անծանօթ էր, ամերիկացին այդ ծրագրին կազմութիւնը մեզի յանձնեց եւ խոստացաւ զայն տառացիօրէն գործադրել։

Թղթակիցը թուրք սպային կերպով մը ծանօթանալէ ետք, անոր յայտնած էր իր հանգամանքը՝ իբր ամերիկացի լրագրող եւ թէ կ՚ուզէր թուրքերուն օգտակար ըլլալ, անոնցմէ ստանալով փաստաթուղթեր՝ հայերու կողմէ թուրքերուն դէմ գործուած հալածանքներուն, ջարդերուն շուրջ։Ահա՛, թէ ինչո՞ւ սպան խոստացած էր տալ կարգ մը ժապաւէններ։Մեր որոշած ծրագիրը սա էր.-

Ամերիկացին, ժապաւէնները առնելու համար, առանձին պիտի չերթար, այլ պիտի ընկերանար անգլիագէտ անբարոյ տիկնոջ մը, ան ալ օտարական։ Երբ ամերիկացին ներկայանար պաշտօնատուն ժապաւէնները առնելու համար, իր թարգմանի պաշտօնին հետ՝ այդ կինը իր միւս պաշտօնն ալ պիտի գործադրէր, կերպով մը հմայելով դիւրագրգիռ թուրք պաշտօնեան։ Եւ երբ այս երկուքը առանձնանային, ամերիկացին ի՛ր ընտրածները պիտի զատէր դարակներուն մէջէն եւ պիտի վերադարձնէր իրեն պէտք չեղածները։

Ամերիկացին իր ճանչցած թուրք սպայէն յանձնարարագիր մը առաւ, որուն մէջ կը հրահանգուէր, որ թղթակցին յանձնուին, 24 ժամուան համար միա՛յն, կարգ մը ժապաւէններ՝ քննութեանց արդիւնքը ամերիկեան թերթերու հաղորդուելու նպատակով։

Ուրբաթ օր մըն ալ, Պոլիսէն ձիով քաշուող կառք մը առնելով, կէսօրէ ետք ժամը 2-ին, ես, ամերիկացին, «թարգմանուհի»ն եւ բարեկամ մը Պայազիտի մթերանոցը գացինք։

Թղթակիցը՝ ձեռքը ճամբորդական պայուսակ մը բռնած եւ «թարգմանուհի»ն ալ իր անուշահոտութիւնները չորս հովերուն սփռած՝ մեծ շէնքէն ներս մտան, մինչ մենք երկուքս, դուրսի հրապարակին վրայ, սկսանք վեր վար ճեմել, մինչեւ միւս երկուքին վերադարձը։

Դուրսը գրեթէ սկսած էր մթնիլ, երբ ահա մեր զոյգը հոյակապ շէնքէն դուրս եկաւ. թղթակիցը ծանրաբեռնուած կ՚երեւէր. գործը յաջողած էր, կեցցէ՛ «թարգմանուհին»…

Հրապարակը յաճախորդի սպասող կառք մը նստելով՝ ուղղուեցանք դէպի Բերայի կողմը, ուր, կանխաւ եղած կարգադրութեամբ մը, հայ ծանօթ լուսանկարիչ մը մեր վերցուցած ժապաւէններուն մէկ օրինակը պիտի լուսանկարէր, որպէսզի բուն ժապաւէնները կարենայինք, ըստ մեր խոստման, վերադարձնել մեր առած տեղը։

Երկու հազար մեթրէ աւելի եղող սոյն շարժապատկերին մէկ օրինակը մեր ձեռքը յանձնուեցաւ յաջորդ օրուան երեկոյեան եւ 24 ժամ ետք , ամերիկացի մեր հայասէր բարեկամը Պոլսոյ նաւահանգիստէն հեռացաւ յունական փոքր նաւով մը։ Մինչեւ նաւ, ես եւ ընկերս թղթակցին հետեւեցանք։։ Անշո՛ւշտ որ ժապաւէնը տեսանք, սեղմ շրջանակի մը մէջ, անոր արտասահման առաքումէն առաջ։

Այս ժապաւէնին մէջ կար տեսարան մը, որ մարդկային ո՛չ մէկ հրէշածին էակ սիրտ եւ քաջութիւն պիտի չունենար նկարելու։ Բայց գերման զինուորը կրցած էր գործադրել իր ստացած հրամանը կէտ առ կէտ, անտեսելով մարդկային որեւէ նախնական խիղճ։

Տեսարանը հազիւ երկու տարեկան եւ մօրը ձեռքէն խլուած աղջիկ-երեխայի մը բռնաբարումը կը ներկայացնէր, միաժամանակ երկու ոճրագործ թուրքերու կողմէ, հրացանը ուսերնէն կախուած, պատառոտուն ցնցոտիներո՜վ։Աթէնքի վրայով՝ ամերիկացի թղթակիցը այս ժապաւէնները ուղղակի Լոնտոն տարաւ եւ յանձնեց Լ. Ճէյմս Պրայսի։ Յետոյ ինք Ամերիկա անցնելով, այս ժապաւէններուն մասին երկար ու մանրամասն յօդուածներ գրեց ամերիկեան զանազան թերթերու մէջ, զորս այդ թուականին (1919-1920) թարգմանեցի Պոլիս հրատարակուող «ճակատամարտ»ի մէջ։

Անգլիական «Թայմզ» եւ մասնաւորաբար «Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթերը մէկէ աւելի յօդուածներ գրեցին այս ժապաւէններուն շուրջ, նոյնիսկ ժողովրդային բուռն բողոքներ գրուեցան նո՛յն թերթերուն մէջ, դժգոհութիւն յայտնելով, որ վերոյիշեալ ժապաւէնները սինեմաներու մէջ հանրութեան ցոյց տուած էին, առանց կանխաւ ազդարարելու, թէ զանոնք տեսնելը արգիլուած է հիւանդներու, դիւրազգացներու եւ երիտասարդ տարրին։

Սոյն ժապաւէնները ցոյց տրուեցան նաեւ անգլիական պալատին, Համայնքներու եւ Լորտերու Տան մէջ, բոլորի՜ն պատճառելով նողկանք եւ (թերեւս) խղճահարութիւն…

1927-ին կամ 28-ին, լաւ չեմ յիշեր, վերոյիշեալ ժապաւէնը հանրութեան ցոյց տրուեցաւ Պէլճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մէջ, ճարտարարուեստական միջազգային ցուցահանդէսի մը ընթացքին, թրքական տաղաւարին ճիշդ մօտը գտնուող շէնքի մը մէջ։ Պոլսոյ թերթերը , այն ատենին, բողոքի բուռն ձայներ բարձրացուցին, առարկելով, որ կոտորածի այս դրուագները… շինծու էին։ (Այսինքն՝ հայերը շինծու հայեր, հայուհիներ, երեխաներ են մեռցուցեր, խողխողեր են միմիայն Թուրքիոյ դէմ «բան» մը ըրած ըլլալու համար)։ Ի՜նչ ծիծաղելի փաստարկութիւն…

Մեզի հայերուս համար, հարցին կարեւորագոյն երեսը ա՛յն է, թէ ներկայիս ո՞ւր կը գտնուին անոնք։ Անձնական համոզումս այն է, որ այս ժապաւէնները տակաւին կը գտնուին Հոլիվուտի դարակներուն մէջ։Հայ թերթերու մէջ, անգամ մը ամերիկահայ, այս հարցին մասին գրած եմ, բայց դժբախտաբար ո՛չ ոք զբաղեցաւ այս շա՛տ կարեւոր հարցով։Այս ազգային ժապաւէնները մե՛ր ցեղին սեփականութիւնն են. փոխ էինք տուած եւ հարկ է, որ անոնք վերադարձուին։
Վահրամ Ս. Փափազեան
http://horizonweekly.ca/news/details/61400

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ