Անգարա ամբողջ ուժով կը պայքարի Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ. Չաւուշօղլու

Մեւլուտ ՉաւուշօղլուԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ Թուրքիա բազմաթիւ կառոյցներու հետ գործակցելով՝ աշխարհի տարածքին կը պայքարի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ:
Թրքական «Թիւրքիյէկազեթեսի» կայքին համաձայն՝ Չաւուշօղլու անդրադարձած է Ցեղասպանութեան 100ամեակին հետ կապուած Թուրքիոյ քայլերուն՝ շեշտելով, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, «հայկական պնդումներ»ուն դէմ դնելու համար, աշխարհին կը ներկայացնէ թրքական տեսակէտները:
«Այդ գործին մէջ ներգրաւած ենք հասարակական կազմակերպութիւններ ու գիտնականներ: Ապագային եւս մենք պիտի շարունակենք «հայկական պնդումներ»ուն դէմ մեր աշխատանքը», ըսած է Չաւուշօղլու:
Անդրադառնալով Հայաստանի նախագահը Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակին հրաւիրելու հարցին՝ Չաւուշօղլու ըսած է, թէ հրաւէրը յղուած է, քանի որ այդ ճակատամարտին հայեր ալ մասնակցած են:

http://asbarez.com/arm/214687/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2015
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ